Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանը Կրկին Մեղադրեալի Կարգավիճակ Ունի

Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանը Կրկին Մեղադրեալի Կարգավիճակ Ունի

by MassisPost

Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը կրկին մեղադրեալի կարգավիճակ ունի իր դէմ տարիներ շարունակ բողոքող գործարար Փայլակ Հայրապետեանի բողոքէն յետոյ։

«Կիպրոսի Օֆշոր» անունը ստացած գործով մեղադրեալ եկեղեցականին մէկուկէս տարի առաջ Քննչական Կոմիտէն ազատած էր քրէական հետապնդումէ՝ եզրայանգելով, որ ապացոյցները բաւարար չեն զայն դատելու համար։

Գլխաւոր Դատախազութեան սեփականութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետի տեղակալին խօսքով, դարձեալ ուսումնասիրելով գործը՝ եզրայանգած են, որ սպառած չեն քննչական գործողութիւնները, որոնց միջոցով ձեռք պիտի բերուին ապացոյցներ։ Կճոյեանը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութեան եւ փողերու լուացման համար։

«Նախաքննութիւնը գնում է, կատարւում են բազմածաւալ քննչական եւ վարոյթային գործողութիւններ զուտ ապացոյցներ ձեռք բերելու նպատակով», յայտնեց դատախազ Արտեոմ Օվսեանը:

Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանին արգիլուած է լքել երկիրը։ Ան մեղքը չ’ընդունիր եւ դեռ տարիներ առաջ փաստաբանի միջոցով հերքած իր դէմ իրաւապահներու ներկայացուցած մեղադրանքը։

Փաստաբանին փոխանցմամբ, արքեպիսկոպոս Կճոյեանը չ’ընդունիր մեղադրանքը:

Իրաւապահները կը պնդեն, որ Կճոյեանը 2010 թուականին իր հետ քաւոր-սանիկական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող գործարար Աշոտ Սուքիասեանի հետ նախնական համաձայնութեամբ, խարդախությամբ՝ իբրեւ Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ իրեն պատկանող ադամանդի հանքավայրին մէջ 12 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելու, արդիւնահանուած ադամանդին հումքը Հայաստանի մէջ վերամշակելու եւ վաճառքի հանելու պատրուակով, շահագրգռած է գործարար Փայլակ Հայրապետեանը ներդրում ընելու։ Անկէ յետոյ գրաւադրած է անոր մերձաւորներուն պատկանող 11 միլիառ դրամ արժողութեամբ անշարժ գոյքերը, դրամատունէն ստացած է շուրջ 9 միլիոն տոլար եւ աւելի քան 361 միլիոն դրամ վարկ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment