Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գերմանիան Կ’աջակցի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշման՝ Լաչինի Միջանցքով Մարդոց Եւ Փոխադրութեան Ազատ Տեղաշարժը Ապահովելու Վերաբերեալ

Գերմանիան Կ’աջակցի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշման՝ Լաչինի Միջանցքով Մարդոց Եւ Փոխադրութեան Ազատ Տեղաշարժը Ապահովելու Վերաբերեալ

by MassisPost

Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ԵՄ ջանքերուն․ Դաշնային կառավարութիւնը այս գործընթացին մէջ մշտական կապի մէջ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ։

Այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնը՝ պատասխանելով Գերմանիոյ մէջ գործող «Haypress» լրատուականի հարցումներուն։

«Haypress» լրատուականը Գերմանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ուղղած է հետեւեալ հարցումները․

1․- Արդեօք Գերմանիան ներկայ գտնուա՞ծ է դիւանագէտներու այցին, որուն նպատակն էր ականատես ըլլալ Ատրպէյճանի կողմէ մարդասիրական բեռներու փոխադրման արգելափակման։

2․- Ին՞չ գործողութիւններ ձեռնարկած է Գերմանիան այս առնչութեամբ։

Գերմանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պատասխանին մէջ նշուած է․

«Դաշնային կառավարութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ԵՄ ջանքերուն։ Դաշնային կառավարութիւնը այս գործընթացին մէջ մշտական կապի մէջ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը այստեղ` Հայաստանի մէջ, շարունակական կապի մէջ է ինչպէս Հայաստանի կառավարութեան եւ քաղաքական հասարակութեան, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ դեսպանութիւնը կանոնաւոր կերպով կը համագործակցի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին (ԿԽՄԿ) հետ, որուն միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի համար նախատեսուած մարդասիրական աջակցութեան ներգրաւման ամենամեծ ծաւալները բաժին կ’իյնան Գերմանիոյ։ Գերմանիան կ’աջակցի Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժի վերաբերեալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշման, որով պէտք է երաշխաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կենսական կարիքներու ապահովումը»։

Հայաստանը Յուլիս 26-ին 361 թոն բեռով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Լեռնային Ղարաբաղ։ Մարդասիրական օգնութեամբ բեռնատարներու շարասիւնը, սակայն, արդէն 6-րդ օրն է, կանգնած է Կոռնիձորի սահմանային հատուածին՝ Լաչինի միջանցքին, քանի որ Ատրպէյճանը թոյլ չի տար անոնց մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ։ Յուլիս 28-ին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչները այցելած էին Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, տեղւոյն վրայ ծանօթացած էին ստեղծուած իրավիճակին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment