Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկական Մամուլը՝ Տելհիի Կողմէ Հայաստանին Սպառազինութեան Մատակարարումներու Մասին

Հնդկական Մամուլը՝ Տելհիի Կողմէ Հայաստանին Սպառազինութեան Մատակարարումներու Մասին

by MassisPost

«Դիւանագիտական լարուածութիւն Հնդկաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ Հայաստանին հնդկական արտադրութեան սպառազինութեան մատակարարումներու մասին հրապարակումներուն հետեւանքով», վերջին օրերուն Տելհիի մէջ լոյս տեսնող պարբերականները այսպէս կը բնութագրեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Ատրպէյճանա-հնդկական յարաբերութիւններուն մէջ այս լարուածութիւնը ծագեցաւ այն բանէն յետոյ, երբ անցեալ շաբաթ պաշտօնական Պաքուի վերահսկողութեան տակ գտնուող շարք մը լրատուամիջոցներ տեսանիւթ հրապարակեցին՝ պնդելով, որ անոր մէջ պատկերուած է համազարկային կրակի «Pinaka» կոչուող համակարգերու տեղափոխումը Հայաստան՝ Իրանի տարածքով։

Հնդկաստանի ամենահեղինակաւոր գործարար պարբերականը՝ «Economic Times»-ը, խնդիրին քաջածանօթ անձերէն մէկը վկայակոչելով, անցեալ շաբաթավերջին, ըստ էութեան, հաստատած է թէ՛ սպառազինութեան մատակարարման փաստը եւ թէ՛ այն հանգամանքը, որ այն Հայաստան հասցուած է Իրանի տարածքով։ Թերթին պնդմամբ՝ այդ կատարուած է «երկկողմ համաձայնագրի հիման վրայ»։

«Economic Times»-ը նաեւ կը նշէ, որ սպառազինութեան մատակարարումները պատկերող տեսանիւթի հրապարակումէն անմիջապէս յետոյ, Պաքուի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սրիտհարան Մատիւսուտհանանը հրաւիրուած է Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմ, ուր անոր հետ զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

«Իրավիճակի մը մէջ, երբ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ, Հնդկաստանի կողմէ մահաբեր սպառազինութեան մատակարարումը ճամբայ կը բանայ Հայաստանի ռազմականացման համար», Հաճիեւի խօսքերը կը մէջբերէ հնդկական թերթը։

Համազարկային կրակի հնդկական համակարգերու մօտալուտ մատակարարման մասին առաջին տեղեկութիւնները ի յայտ եկան անցեալ տարուան աշնան՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին սեպտեմբերեան մարտական գործողութիւններէն մօտ երկու շաբաթ անց։ Հնդկական մամուլին տեղեկութիւններով՝ Երեւանը եւ Տելհին սպառազինութիւններու մատակարման մասին գործարք կնքած էին, որուն ընդհանուր ծաւալը կը հասնէր 260 միլիոն ամերիկեան տոլարի եւ որուն առանցքային կէտը «Pinaka» համակարգերու վաճառքն էր։

««Pinaka»-ներու վաճառքը գրգռած է Ատրպէյճանին», անցեալ շաբաթավերջին գրած է Տելհիի մէջ գործող մէկ այլ պարբերական՝ «Eurasian Times»-ը, փորձելով նաեւ բացատրել Պաքուի մտահոգութիւններուն պատճառը։

«Հայաստանի «Pinaka» համակարգերը ձեռք բերելու որոշման վրայ ազդած պատճառներէն մէկը հակառակորդ Ատրպէյճանի կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու, այդ շարքին՝ ինքնաոչնչացուող անօդաչուներու կիրառումն է։ Որպէսզի համազարկային կրակի համակարգը ի վիճակի ըլլայ նման պայմաններու մէջ մարտի դաշտին մէջ երկար գործելու, այն պէտք է օժտուած ըլլայ կրակելու եւ անկէ յետոյ արագօրէն հեռանալու կարողութիւններով։ «Pinaka Mk-1» համակարգերուն բնորոշ ունակութիւններէն մէկը այդ է», կը գրէ «Eurasian Times»-ը։

Բաց աղբիւրներու մէջ առկայ տեղեկատուութիւնը հնդկական կողմին այս պնդումը կը հաստատէ։ Ռազմական շարք մը մասնագիտացուած պարբերականներ կը պնդեն, որ «Pinaka» համակարգերը մարտական պատրաստութեան կը բերուին 3 վայրկեանի մէջ, իսկ առաջադրանքը կատարելէ յետոյ այն տեղակայման վայրը կրնայ լքել երկու վայրկեանի մէջ։

«Hindustan Times»-ի բնորոշմամբ՝ «Pinaka»-ն ամերիկեան «Himars» համակարգերու հնդկական համարժէքն է։ «Pinaka Mk-1» համակարգին հեռահարութիւնը կը հասնի 38 քիլոմեթրի, այն ի վիճակի է 44 երկվայրկեանի մէջ 12 հրթիռ արձակելու», կը գրէ թերթը՝ յիշեցնելով նաեւ, որ հնդկական բանակը այս համակարգերը տեղակայած է Փաքիստանի եւ Չինաստանի հետ սահմաններուն երկայնքով։

Իսկ հնդկական ամենայայտնի անկախ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներէն մէկը՝ Տելհիի մէջ գործող «The Wire»-ը, իր հրապարակման մէջ կ’անդրադառնայ Հայաստանին հնդկական սպառազինութեան վաճառքի քաղաքական, նախեւառաջ աշխարհաքաղաքական կողմին։

«Տելհիի մէջ գործող ОRF վերլուծական կեդրոնի գնահատականներուն համաձայն՝ պաշտպանական միջոցներու այս փոխանցումը կը վկայէ, որ Հնդկաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին բացայայտօրէն կանգնած է Հայաստանի կողքին եւ հետեւաբար, որոշած է դիմադրել թէ՛ Ատրպէյճանին եւ անոր աջակիցներուն՝ ի դէմս Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի, թէ՛ Անգարայի ծաւալապաշտական փանթուրքիստական յաւակնութիւններուն», հնդիկ փորձագէտներուն խօսքերը կը մէջբերէ Տելհիի մէջ գործող պարբերականը։

Գէորգ Ստամբոլցեան
«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment