Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Մեկնաբանած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Կալանաւորման Դէպքը

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Մեկնաբանած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Կալանաւորման Դէպքը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները տեղեակ է «Լաչինի միջանցքի անցակէտին Վագիֆ Խաչատրեանի կալանաւորման մասին, որ մարդասիրական միջազգային կազմակերպութեան ուղեկցութեամբ բուժման նպատակով կը տեղափոխէին Հայաստան»։ Այդ մասին «Ամերիկայի Ձայն»ի Հայկական ծառայութեան հարցումին ի պատասխան յայտնած են ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութենէն։

«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խորապէս մտահոգուած ըլլալ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներուն համար շարունակաբար փակ պահելու առնչութեամբ», ըսուած է պատասխանին մէջ։

Ըստ ԱՄՆ-ի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ մարդասիրական տեղաշարժի դադրեցումը աւելի կը վատթարացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խափանէ խաղաղ գործընթացի նկատմամբ վստահութիւն ձեւաւորելու ջանքերը․ «Առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով պէտք է անյապաղ վերականգնուի», կը նշեն Պետական Քարտուղարութենէն ։

«Մենք հետեւողականօրէն կը պնդենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը։ Մենք կ’ողջունենք երկխօսութիւնը, որ կ’առաջնորդուի այս նպատակով», ընդգծած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը իր պատասխանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment