Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքով Ինքնաշարժներու Տեղաշարժը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի․ Մեթիու Միլլըր

Լաչինի Միջանցքով Ինքնաշարժներու Տեղաշարժը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի․ Մեթիու Միլլըր

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խորապէս անհանգստացած մնալ, որ Ատրպէյճանը շարունակ փակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը առեւտրային, մարդասիրական եւ անձնական ինքնաշարժներուն համար, «Radar Armenia»-ի հարցին ի պատասխան յայտնսծ է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակ Մեթիու Միլլըր՝ շեշտելով, որ առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով պէտք է անյապաղ վերականգնուի։

Լրատուամիջովը դիմած էր ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան՝ խնդրելով պարզաբանել, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին։

Միլլըր նշած է, որ մարդասիրական նպատակներով տեղաշարժի դադրեցումը կ’ահագնացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խաթարէ վստահութեան ձեւաւորման ջանքերը խաղաղութեան գործընթացին մէջ։

«Մենք հետեւողականորէն կը պաշտպանենք տեսակէտը, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութեան ապահովումը։ Մենք կ’ողջունենք այն երկխօսութիւնը, որ յառաջ կը մղէ այս նպատակը», պատասխանած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment