Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Քննարկուած Են Զինուած Ուժերուն Մէջ Իրականացուող Բարեփոխումները

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Քննարկուած Են Զինուած Ուժերուն Մէջ Իրականացուող Բարեփոխումները

by MassisPost

Պաշտպանութեան Նախարարարութեան մէջ Ռազմական Խորհուրդի նիստ կայացած է՝ ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանի գլխաւորութեամբ։

Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Զինուած Ուժերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ այդ ծիրին մէջ իրականացուած ծրագիրներուն ու յառաջիկայ ընելիքներուն։ Քննարկուած են «Հրամանատրում առաջադրանքի միջոցով» հայեցակարգի ներդրման, արհեստավարժ սերժանթական կազմի զարգացման վերաբերող եւ շարք մը այլ հարցեր։

Հնչած են զեկոյցներ, ներկայացուած են առաջարկներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment