Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Միջոցներ Ձեռնարկել՝ Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Միջազգային Մանտաթով Օժտելու Համար»․ Արցախի ԱԺ-ն Կը Դիմէ ՀՀ-ին

«Միջոցներ Ձեռնարկել՝ Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Միջազգային Մանտաթով Օժտելու Համար»․ Արցախի ԱԺ-ն Կը Դիմէ ՀՀ-ին

by MassisPost

Արցախի Ազգային Ժողովը կոչով կը դիմէ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ միջոցներ ձեռնարկելու՝ խթանելու Արցախի ժողովուրդին արժանապատիւ կեանքի ապահովումը։

Արցախի խորհրդարանականները, մասնաւորապէս, կոչ կ’ընեն Երեւանին՝ անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութիւնը միջազգային մանտաթով օժտելու համար, սահմանուած ընթացակարգով դիմելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին, Գլխաւոր Վեհաժողովին՝ առաջարկելով պատշաճ քայլեր կատարել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ, իսկ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամ-երկիրներուն՝ ընդունելու հրամայական բնոյթի որոշում (բանաձեւ)՝ ձեռնարկելով եւ սահմանելով Արցախի մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու գործուն միջոցներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment