Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԶՈՒ ԳՇ Պետ Էտուարտ Ասրեանը Աշխատանքային Այցով ԱՄՆ Կը Գտնուի

ԶՈՒ ԳՇ Պետ Էտուարտ Ասրեանը Աշխատանքային Այցով ԱՄՆ Կը Գտնուի

by MassisPost

Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող ՀՀ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը Յուլիս 17-18-ին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած է ԱՄՆ Ազգային պաշտպանութեան նահանգային համագործակցութեան ծրագրի 30-ամեակին նուիրուած համաժողովին:

Միջոցառման ընթացքին, Ասրեան հանդիպումներ ունեցած է ԱՄՆ Ազգային պաշտպանութեան բիւրոյի պետ, զօրավար Տանիէլ Հոքանսընի, ԱՄՆ Եւրոպական հրամանատարութեան ռազմավարութեան, ծրագրաւորման եւ քաղաքականութեան հարցերով տնօրէն, զօրավար-մայոր Տանիէլ Լասիքայի եւ Քանզաս նահանգի ատյութանթ զօրավար, Ազգային պաշտպանութեան հրամանատար, զօրագունդի զօրավար Մայքըլ Վեներտիի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են նահանգային գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստան-Քանզաս համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ զարգացման հեռանկարները, ԱՄՆ-ի հետ երկկողմ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։

Նոյն օրը զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Միխալիս Կիորկալասի եւ Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Տիմոքրիթոս Զերվաքիսի հետ։ Քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment