Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահ Զօրակազմի Զօրակայանին Մօտ Վրաններ Կը Տեղադրուին

Ռուս Խաղաղապահ Զօրակազմի Զօրակայանին Մօտ Վրաններ Կը Տեղադրուին

by MassisPost

Արցախի մէջ համաժողովրդական շարժման հանրահաւաքի մասնակիցները քայլերթով գացած են ռուսական խաղաղապահ  զօրակազմի զօրակայան, ուր ներկայացուցած են իրենց պահանջը՝ դադրեցնել Արցախի շրջափակումն ու մարդասիրական աղէտը։

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտնեց, որ քանի մը հոգիով հանդիպում պիտի ունենան Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին հետ, որմէ յետոյ ինք պիտի ներկայացնէ հանդիպման արդիւնքները։

«Մեր յաջորդ քայլը՝ հիմա այստեղ տեղադրում ենք վրաններ, եւ բոլորը վրաններում սպասում են մեր պահանջի կատարմանը։ Կարծում եմ, որ այլեւս որեւէ տարբերութիւն չկայ մենք ընկերային, կենցաղային, սննդի հետ կապուած խնդիրներով այստեղ ենք, թէ Ստեփանակերտում», յայտնեց Ներսիսեան։

Ան ընդգծեց, որ կ’ուզեն ռուս խաղաղապահներուն ըսել, որ Արցախի ժողովուրդը Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան հիմնական շահառուն Արցախի ժողովուրդն է, եւ, երբ յայտարարութեան կողմերէն մէկը չի կատարեր իր պարտականութիւնները, այդ չի նշանակեր, որ դանոր պատճառով յառաջացած ծանրագոյն հեռտեւանքները պէտք է կրէ արցախցին։ «Մենք այստեղ ենք, որպէսզի արցախցիների խօսքը փոխանցենք խաղաղապահներին, որ ամենեւին բարեկամական չէ, երբ Արցախը գտնւում է լիակատար շրջափակման մէջ, բայց մենք ամէն օր տեսնում ենք ուղղաթիռների թռիչքներ», յայտնեց Ներսիսեան։

Ռուս խաղաղապահներու հետ հանդիպումէն յետոյ հաւաքի մասնակիցներուն մէկ մասը՝ Ասկերանի բնակիչները, կը մնան խաղաղապահներու զօրակայանին մօտ՝ վրաններու մէջ, իսկ մնացածը կը վերադառնան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ, ուր կը շարունակուի առաւօտեան մեկնարկած հանրահաւաքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment