Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Յառաջ Կը Շարժի, Ունի Ազատ Մամուլ, Խօսքի Ազատութիւն, Մենք Ընդհանուր Շահեր Ունինք. Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան

Հայաստանը Յառաջ Կը Շարժի, Ունի Ազատ Մամուլ, Խօսքի Ազատութիւն, Մենք Ընդհանուր Շահեր Ունինք. Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան

by MassisPost

Հնարաւո՞ր է Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւն կազմակերպել:

Այս մասին «Լուրեր»-ու եթերով՝ ԱՄՆ հաստատակամ է ԼՂ-ի մէջ ապրողներու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան ապահովման հարցով թեմայով Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցին ժամանակ խօսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը։

«Միացեալ Նահանգները կը համարէ, թէ որեւէ քննարկում, բանակցութիւն, խօսակցութիւն յառաջընթացի ճիշդ ուղի է, եւ կը մնայ օգնել, որ երկու կողմերը մտահոգող հարցերը լիովին ընկալուին, եւ երկու կողմերը կարենան գտնել ապագայի ճանապարհը՝ հասնելու խաղաղութեան կարգաւորման, որով երաշխաւորուած եւ ապահովուած պիտի ըլլան ԼՂ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», նշած է ան։

Հարցումին՝ ԱՄՆ-ն, օգնելով բանակցութիւններուն, նպատակ ունի՞ տարածաշրջանէն Ռուսիան դուրս թողել, դեսպանը շեշտած է․ «ԱՄՆ-ն կը համարէ, որ ՀՀ-ն՝ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, կրնայ որոշել, թէ ովքեր են իր դաշնակիցները, իր գործընկերները եւ ինչպէս պիտի շարժին երկիրը յառաջ տանելու աշխարհի եւ տարածաշրջանին մէջ։ Ի՞նչ կը փափաքի ԱՄՆ-ն․ խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոպայի մէջ։

Մենք պատրաստ ենք խօսելու որեւէ կողմի հետ, որ կրնայ դրական տեսլական ներկայացնել տարածաշրջանին խաղաղութիւն բերելու համար։ ԱՄՆ-ն շատ աշխուժօրէն ներգրաւուած է, բայց նաեւ Եւրոմիութիւնն է աշխոյժ, քանի որ երկու կողմերն ալ կը տեսնեն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ունենալը շահեկան է»:

ԱՄՆ դեսպանը նկատած է, որ ինքը, ըլլալով Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան, կը տեսնէ, որ ԱՄՆ-ն եւ Հայաստանը կարեւոր շահեր ունին:

«Մենք եւ դուք ընդհանուր ժողովրդավարական շահեր ունինք, հետամուտ ենք ընդհանուր ժողովրդավարական գործընթացներուն։ Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը պայծառ կէտ է տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան իմաստով։ ՀՀ-ն յառաջ կը շարժի բարեփոխումներու առումով, ունի ազատ մամուլ, խօսքի ազատութիւն, կը շարժի յառաջ՝ բարելաւումներ կատարելով ամէն օր։ Մենք կ’ուզենք սատարել այդ ամէն ինչին, որովհետեւ կը հաւատանք ժողովրդավարութեան։ ԱՄՆ-ն կը հաւատայ, որ ժողովրդավարական երկիրներն են ամենակայուն երկրները, եւ անոնք են այն երկիրները, որոնք միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ լաւագոյնը կը յարաբերին այլ երկիրներու հետ», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment