Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միջազգային Գործընկերներու Հետ Հանդիպումներուն Կը Բարձրաձայնենք Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կիրառման Անհրաժեշտութեան Մասին. Ալէն Սիմոնեան

Միջազգային Գործընկերներու Հետ Հանդիպումներուն Կը Բարձրաձայնենք Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կիրառման Անհրաժեշտութեան Մասին. Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Լեհաստանի Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յուլիս 4-ին հանդիպած է Լեհաստանի Սէյմի մարշալեք Էլժպիեթա Վիթեքին:

Ողջոյններու փոխանակումէն յետոյ կողմերը փաստած են, որ պաշտօնական այցի ընթացքին նախատեսուող հանդիպումներն ու քննարկումները իրենց ներդրումը պիտի ունենան երկկողմ համագործակցութեան խթանման հարցով: Ալէն Սիմոնեան նշած է, որ այս երկու ժողովուրդներուն կը կապեն հարիւրամեակներու պատմական առնչութիւնները՝ յիշեցնելով, որ անցեալ տարի լրացաւ Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 655-ամեակը: Ան երախտագիտութիւն յայտնած է մեր հայրենակիցներուն հանդէպ Լեհաստանի մէջ պետական մակարդակով ցուցաբերուող հոգածութեան եւ վերաբերմունքին համար:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է միջխորհրդարանական համագործակցութեան, այդ շարքին՝ բարեկամական խումբերուն կարեւորութիւնը՝ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման հարցով: Երկուստէք կարեւորուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի եւ Լեհաստանի խորհրդարանի երկու պալատներու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներու համատեղ նիստերու կայացումը:

Շեշտելով միջազգային տարբեր հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ Ալէն Սիմոնեան նշած է, որ որպէս Արեւելեան Գործընկերութեան համահեղինակ՝ Լեհաստանը աշխոյժ դերակատարում ունի Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, եւ Հայաստանը կ’ակնկալէ Լեհաստանի աջակցութիւնը Համաձայնագրի արդիւնաւէտ կիրարկման գործին մէջ:

Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու անվտանգային հարցերուն՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով Հայաստանի սահմաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակէն: ՀՀ ԱԺ նախագահը յիշեցուցած է, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէյճանը շրջափակած է Լեռնային Ղարաբաղը՝ կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, կ’անտեսէ նաեւ Փետրուար 22-ին Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի՝ Ատրպէյճանի դէմ իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող որոշումը: Ան անչափ կարեւորած է Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը, ինչ որ բարենպաստ է անվտանգութեան, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման եւ անտեղ վստահութեան ձեւաւորման առումով: «Տեղեակ ենք նաեւ, որ այս տարուայ կէսին Լեհաստանը նախատեսում է առաքելութիւնում դիտորդների ներգրաւուածությեան ընդլայնում, ինչը մեզ համար մեծապէս ողջունելի է», ընդգծած է ԱԺ նախագահը: Ալէն Սիմոնեան նշած է, որ միջազգային բոլոր գործընկերներուն հետ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին կը բարձրաձայնեն Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման անհրաժեշտութեան մասին եւ կ’ակնկալեն հասցէական արձագանգներ:

Լեհ գործընկերը շեշտած է, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը կ’ապահովէ խորհրդարաններուն միջեւ չընդհատուող կապը, ինչի շնորհիւ երկիրներուն վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը ստանան: Խօսելով ժողովրդավարական արժէքներէն՝ ան կարեւորած է ժողովուրդին հանդէպ հաշուետուողականութիւնը՝ ընդգծելով նաեւ միջազգային գործընկերներուն վերաբերող դիրքորոշումները: Այս ծիրին մէջ Լեհաստանի Սէյմի մարշալեքը կարծիք յայտնած է հետագայ համագործակցութեան բազմոլորտ ընդլայնման վերաբերեալ: Անդրադառնալով աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն՝ Էլժպիեթա Վիթեքը նշած է, որ լեհերը անկախ քաղաքական հայեացքներէն եւ տարաձայնութիւններէն՝ մշտապէս կը միաւորուին ընդդէմ յարձակման եւ յանուն խաղաղութեան՝ իրենց ձայնը լսելի դարձնելով:

ՀՀ ԱԺ նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման եւ խաղաղութեան հաստատման հարցով եւս լսելի կ’ըլլայ Լեհաստանի ձայնը:

Հանդիպումէն յետոյ պատուիրակութեան անդամները շրջած են խորհրդարանի շէնքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment