Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Խորհրդարանը Հայաստանի Պատուիրակութենէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Բանակցութիւնները Ուաշինկթընի Մէջ

Արցախի Խորհրդարանը Հայաստանի Պատուիրակութենէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Բանակցութիւնները Ուաշինկթընի Մէջ

by MassisPost

Արցախի խորհրդարանը միաձայն ընդունած յայտարարութեամբ դիմած է Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Հայաստանի պատուիրակութեան՝ պահանջելով «անյապաղ դադրեցնել մեկնարկած բանակցութիւնները մինչեւ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ եւ ՀՀ սահմաններուն լիակատար զինադադարի հաստատումը եւ զայն պահպանելու փաստաթղթային երաշխիքներու տրամադրումը»։

«Հակառակ պարագայում՝ բանակցութիւնների շարունակումը կը նշանակի ատրպէյճանական կողմի յարձակողական պահուածքի խրախուսում եւ միջազգային մակարդակով արտօնութիւն»,  ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ Արցախի խորհրդարանի նիստին հրապարակեց Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը:

«Ատրպէյճանը ոչ միայն կանխամտածուած սովամահ է անում Արցախի բնակչութեանը, այլեւ նրան հասցրել է բնաջնջման եզրին: Արցախը երբեք չի եղել եւ չի լինելու անկախ Ատրպէյճանի կազմում, եւ դրա շուրջ ցանկացած քննարկում մեզ համար անընդունելի է: Դա մեր կարմիր գիծն է, որը ոչ ոք իրաւունք չունի խախտելու», ըսաւ Թովմասեան:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն Արցախի խորհրդարանը կոչ կ’ընէ «կարեկցանքի յայտարարութիւններէն, յորդորներէն եւ խորհուրդներէն զատ ձեռնարկել յստակ գործնական քայլեր, մասնաւորապէս, պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ զսպելով անոր յարձակողական նկրտումները»:

Արցախցի խորհրդարանականները Ռուսիոյ կը յորդորեն «խաղաղապահ առաքելութեան շրջանակին մէջ աւելի կոշտ միջոցներով կասեցնել Ատրպէյճանի հակամարդկային, ցեղասպան գործողութիւնները»:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն ստորաբաժանումները հրետանային միջոցներէ կրակ բացած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ` կիրառելով նաեւ անօդաչու թռչող սարքէր, հայկական կողմը 4 զոհ ունի:

«Ուշագրաւ եւ յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի կողմից հրադադարի պարբերաբար իրականացուող խախտումների այս նոր միջադէպը, նախորդ դէպքերին համանման, նոյնպէս արձանագրուել է այն ժամանակ. երբ ներկայումս ԱՄՆ պետական քարտուղարի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընում տեղի են ունենում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների հերթական բանակցութիւնները՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցերի շուրջ: Դա, անշուշտ, եւս մէկ անգամ վկայում ու հաստատում է, որ «խաղաղութեան պայմանագրի» շուրջ տեղի ունեցող այս բանակցութիւնները նոյնպէս իրականում ոչ այլ ինչ են, քան տարածաշրջանում տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման մթնոլորտի ձեւաւորման նմանակում՝ իբր թէ միջազգային ջանքերի լոյսին տակ»,  ըսուած է Արցախի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment