Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՊԲ. Ատրպէյճանի Զինուժը Հրետանիէ Կրակ Բացած Է Մարտունիի Եւ Մարտակերտի Դիրքերու Վրայ, Հայկական Կողմը Ունի 4 Զոհ

Արցախի ՊԲ. Ատրպէյճանի Զինուժը Հրետանիէ Կրակ Բացած Է Մարտունիի Եւ Մարտակերտի Դիրքերու Վրայ, Հայկական Կողմը Ունի 4 Զոհ

by MassisPost

Յունիս 28-ին` ժամը 1:30-էն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրետանային միջոցներէ կրակ բացած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ` կիրառելով նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր, հաղորդած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակը:

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ հայկական կողմը ունի 4 զոհ:

«Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը նախորդ օրերին շարունակաբար տարածելով կեղծ հաղորդագրութիւններ այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խախտում են հրադադարը, եւ, մասնաւորապէս Յունիսի 27-ին տարածելով իրականութեանը չհամապատասխանող հաղորդագրութիւն` հայկական կողմի կրակից Ատրպէյճանի ԶՈՒ զինծառայողի վիրաւորման մասին, տեղեկատուական հիմք ստեղծեց հերթական սադրանքի համար», ըսուած է Արցախի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հրապարակեց զոհուած զինուորներուն անունները՝ Արմօ Աբգարեան, Սամուէլ Թորոսեան, Երուանդ Թադեւոսեան, Գագիկ Բալայեան:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւններ տարածած էր Աղտամի շրջանին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու գնդակոծութեան, ատրպէյճանցի զինուորի վիրաւորուելուն մասին, ինչ որ Ստեփանակերտը հերքած էր: Պաքուն պնդած էր, թէ պատասխան գործողութիւններ կ’իրականացնէ, գիշերուայ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ալ միայն տարածած է հայկական կողմին հաղորդումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment