Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Հայաստանէն Կրկին Կը Պահանջէ «Զօրքը Դուրս Բերել Ատրպէյճանի Տարածքէն»

Պաքուն Հայաստանէն Կրկին Կը Պահանջէ «Զօրքը Դուրս Բերել Ատրպէյճանի Տարածքէն»

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն յայտնած է, որ «Ատրպէյճանը ընդամէնը պատասխանած է ռազմական սադրանքին, որուն հետեւանքով ատրպէյճանցի զինուոր վիրաւորուած է»։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան, արձագանգելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան՝ պնդած է, որ «Հայաստանը պէտք է ամբողջովին դուրս բերէ զօրքը Ատրպէյճանի տարածքէն»։

«Ատրպէյճանի ներքին գործերուն խառնուելու փոխարէն Հայաստանը պէտք է իր պարտաւորութիւնները կատարէ եւ յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով», յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի խօսնակը։

Վարչապետ Փաշինյեան Թուիթըրով գրառում կատարած է՝ միջազգային հանրութեան կոչ ընելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը ապահովելու գործնական քայլեր ձեռնարկել:

«Մինչ Լաչինի միջանցքն ապօրինի արգելափակուած է, այս գիշեր անօդաչու թռչող սարքի կիրառմամբ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով 4 մարդ է զոհուել», գրած է Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment