Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Դիրքորոշումը «Զանգեզուրի Միջանցքի» Հարցով Յստակ է. Արարատ Միրզոյեանը՝ Էրտողանի Յայտարարութեան Մասին

ՀՀ Դիրքորոշումը «Զանգեզուրի Միջանցքի» Հարցով Յստակ է. Արարատ Միրզոյեանը՝ Էրտողանի Յայտարարութեան Մասին

by MassisPost

Յունիս 14-ին, Ազգային Ժողով-Կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ ՔՊ խմբակցութեան պատգամապոր Լիլիթ Մինասեանի հարցումը ուղղուած էր արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյանին եւ կ’առնչուէր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով Հայաստանի դիրքորոշումը խնդիր չէ, խնդիր է Իրանի դիրքորոշումը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը յայտնեց, որ պիտի չմեկնաբանէ Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը եւ յատկապէս այն հատուածը, որ կը վերաբերի երրորդ երկիրներուն: «Կարծում եմ՝ սա շատ լաւ առիթ է վերահաստատելու, բարձրաձայնելու ՀՀ դիրքորոշումը. ՀՀ-ն մեծապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանում ճանապարհային, տնտեսական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմամբ: Ակնյայտ է, որ այդ  ենթակառուցուածքները պէտք է ապաշրջափակուեն մի քանի յայտնի սկզբունքների հիման վրայ. օրինակ՝ այն երկրների ինքնիշխանութեան ներքոյ պէտք է գործեն, որոնց տարածքով անցնում են, այդ ենթակառուցուածքները պէտք է գտնուեն այն երկրների իրաւազօրութեան ներքոյ, որոնց տարածքով անցնում են, այդ ենթակառուցուածքները պէտք է բացուեն հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքի հիման վրայ», ընդգծեց Արարատ Միրզոյեանը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին անձնական տպաւորութեամբ՝ այդ հարցերու քննարկման շուրջ որոշակի յառաջընթաց կայ. «Յատկապէս փոխվարչապետ պարոն Գրիգորեանի վերջին հանդիպումների շրջանում, սակայն վերջնական արդիւնք դեռեւս չունենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment