Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Յիշատակին Ձօնուած Առաջին Սգահանդէսը

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Յիշատակին Ձօնուած Առաջին Սգահանդէսը

by MassisPost

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Դժուար է ճշդել, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր է առաջին անգամ նշուած հնչակեան Քսան Կախա­ղաններու յիշատակին ձօնուած սգահան­դէսը։ 1915 թուականին Հնչակեան Կեդրոնէն տրուած կարճ հեռա­գիր մը կը գուժէ իր գաղափարի քսան առաջնորդներուն կախաղանի մահուան դատապարուիլը. «Պօլսէն ֆրանսական թերթերու քաշուած հեռագիրները Քսաններու կախաղան հան­ուիլը կը հաղորդեն»[1]։ «Հնչակ» առաջիններէն է, որ 1915 թուականի Օգոստոսին «Պոլսոյ Կախաղաննե­րը» խորագրով իր խմբագրականին մէջ հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ մահասարսուռ եղե­լութեան ու հերթաբար կը նշէ նահատակ ընկերներուն անունները.

  1. Փարամազ (Մատթէոս Սարգիսեան)
  2. Վանիկ (Գեղամ Վանիկեան)
  3. Ռուբէն Կարապետեան (Վահան Պօյաճեան)
  4. Տօքթ. Պէննէ (Պետրոս Թորոսեան)
  5. Արամ Աչքպաշեան[2]
  6. Հրանտ Բեղավեան[3], բժշկական ուսանող
  7. Երուանդ Թօփուզեան (Բանւոր), ուսուցիչ
  8. Յովհաննէս Բէրղազարեան[4], ուսուցիչ
  9. Թովմաս Վահան Թովմասեան
  10. Մուրատ Ղազարեան[5]
  11. Մինաս Քէշիշեան (Սարը Խաչիկ)
  12. Սմբատ Գլըճեան
  13. Աբրահամ Մուրատեան[6]
  14. Մկրտիչ Երէցեան
  15. Յակոբ Պասմաճեան
  16. Գարեգին Պօղոսեան
  17. Պօղոս Պօղոսեան
  18. Երեմիա Մաթոսեան[7]
  19. Գառնիկ Պօյաճեան
  20. Արմենակ Համբարձումեան

«Հնչակ» կը նշէ նաեւ օսմանեան ռազմական ատեանին կողմէ քսան մահապարտներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնը. «Շանթահարող մահագոյժը հասաւ Պոլիսէն։ Իթ­թիհատ Թէ­րաքքը կոչւած աւազակ ոճրագործներու խմբակը յունիս 2/15ին կախա­ղան հանեց մեր քսան անձնւէր ընկերները ‛անկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը կազմելու և կայսերական երկի­րներէն մաս մը օսմ. Կառավարութենէն անջատելու’ ամբաս­տանութեամբ»[8]։

Արդարեւ, Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ իրագործուած եղեռնագործութիւնը իր ազ­դու անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ, որ, օգտուելով թրքական «Թա­նին»-ի եւ Կ.Պոլիս հրատարակուող ֆրանսատառ «Լլոյտ Օթթոման» թերթերու հաղորդագրու­թենէն, մանրամասն կը նկարագրէ քաղաքական մասնաւոր նշանակու­թիւն ունեցող դէպքը։ Հետաքրքրական է, որ այս ուղղութեամբ բողոքի ուժգին ձայն կը բարձրացնեն նաեւ Զուիցերիոյ մէջ հրապարակուող սոցիալիստական «Լա Սանթինել», «Պեռներ Թակվախթ» եւ «Ֆոլքսրեխթ» թերթերը, որոնք իրենց էջերուն մէջ 7 եւ 13 Օգոստոս 1915 թուականին ֆրանսերէն եւ գերմա­ներէն լեզուներով լայն տեղ կու տան Արշակ Զուրաբովի գրչէն «Դահիճը կ’իշ­խէ» եւ «Թարմ հողակոյտերուն առջեւ» խո­րագրերով յօդուածներուն[9]։ Սոյնը հիմք կը ծառայէ նոյնանման յօդ­ուածի մը, որ իտա­լերէնով կը հրապարակուի «Avanti» թերթի 16 Օգոստոս 1915-ի թիւին մէջ։ Զուրաբով իր սոյն յօդուածով վեր կը հանէ Երիտթուրքերու իշխանու­թեան կողմէ կանխամտած­ուած ոճիրին ամբողջ գռեհկութիւնը, միաժամանակ իրաւացիօրէն կը ձաղկէ Կայսերական Գերմանիոյ վարած երկդիմի քաղաքականութիւնը՝ զայն մեղադրելով Օսմանեան Կայս­րութեան հետ հայաջինջ գործողութիւններու մեղսակցութեամբ[10]։

Ընդամէնը տարի մը ետք, 16 Յունիս 1916 թուականին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակ­ցութեան Ամերիկայի շրջանի գործադիր յանձնախումբը Փրովիտենսի մէջ «Երիտասարդ Հայաս­տան»-ի տպարանէն կը հրապարակէ «Քսան կախաղաններ» խորագրով 171 էջերէ կազմուած գրաւոր յուշա­կոթող մը, որ մեծաւ մասամբ ձօնուած է Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած գաղափարի նահա­տակ ընկերներուն, նաեւ Վանի հնչակեան նահա­տակներուն՝ Ասոյի (Տիգրան Օտեան), Կայծունիի (Աբրահամ Բրուտ­եան), Արտաշէս Սօլաք­եանի, Կարապետ Տանթէեանի եւ Հայկակ Էրէմիշեանի յիշա­տակին։ Յառաջաբանէ բացի, առ­կան անուն առ անուն կը ներկայացնէ Քսաններուն համառօտ կենսագրականները եւ իւրաքան­չիւրին վերաբեր­եալ զանազան հեղի­նակներ հանդէս կու գան բարեբանական յօդուածներով, յու­շապա­տումներով, այլեւ անոնց յիշատակին ձօնուած բանաստեղծութիւններով։

1918 թուականին, Շիքակոյի մէջ «Երիտասարդ Հայաստան»-ի տպարանը լոյս կ’ընծայէ «Քսան կախաղաններ. Դրամա չորս արարուած՝ մէկ պատկերով» Սեդրակ Շահէնի 92 էջերէ բաղկացած թատերական ստեղծագործութիւնը։ Հեղինակը գիրքին սկիզբը ձօնին մէջ կը նշէ. «Սոյն գրու­թիւնը, կը խնդրեմ, նկատուի Յուշարձան՝ բոլոր անոնց յիշա­տակին, որոնք անձնուիրաբար ին­կան փոքր ազգերու ազատութեան համար մղուած մաքառումներու ընթացքին»[11]։

Տարակոյս չկայ, որ հնչակեան մամուլը մինչեւ Ա. Աշխարհամարտին աւարտը տարբեր վայրերու մէջ պար­բերաբար անդրադարձած ըլլայ Քսան Կախաղաններու յիշատակին, սակայն այս բոլորը տակաւին այն յուշահանդէսը չէ, որ հետզհետէ մեր ազգային տօ­նացոյցին մէջ 15 Յունիս իր անշարժ թուականով պիտի վերածուէր առանձնայատուկ սգատօնի մը։ Հետեւաբար հարցը կրկին պիտի տրուի, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր առաջին անգամ նշուած ըլլալու է հնչակեան Քսան Կախա­ղաններու յիշատակին ձօնուած սգա­տօնը։

Այնպէս կը թուի, որ ան ազգային տօնախմբութեան մը մակարդակով, ըլլայ թէկուզ սգահանդէսի մը երեւոյթով, իրականացած է 1919 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ, երբ միջին ուժերը՝ գերմանա-աւստրիական ռազմական խմբաւորումը արդէն 1918 թուականի Նոյեմբերին ջախջա­խիչ պար­տութիւն կը կրեն համաձայ­նական պետութիւններու՝ Անթանթի ռազմաքա­ղաքական դաշինքը ներկայացնող ու­ժերուն կողմէ։ Պարտուած պետութիւններու շար­քին էր նաեւ Օսմանեան Կայս­րութիւնը, որուն իշխանութիւնը կը ղեկավարէր Իթթիհա­տականներու դիւախումբ եռապետու­թիւնը։

Մինչ այդ, 2/15 Յունիս 1915 թուականի Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ Քսան Կախա­ղան­ներուն ո­ճիրը պատահած էր սահմռկեցուցիչ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր բովանդակ ազգի մը հոգե­ւոր, մտաւորական եւ քաղաքական սերուցքը կ’անճիտուէր ու հայութիւնը կը տա­ռապէր Ապրիլ 24-ի սրտամորմոք օրերէն։ Ոչ ոք կրնար այդ ժամանակ սուգի կամ բողոքի ձայն բարձրացնել, գէթ ողբալ սեփական մեռելներուն վրայ, քանզի ազգը ամբողջ Արեւ­մտեան Հայաս­տանի եւ Կիլիկ­իոյ տարած­քով մահու աքսորի ճամբաներուն տարա­գրուած՝ կը բնաջնջուէր Մի­ջագետքի մահա­տարած վայրերուն եւ Տէր Զորի անջրդի աւազուտներուն մէջ։

Պատերազմի աւար­տին, համա­ձայն 24 Մայիս 1915 թուա­կանի Անթանթի ուժերուն կողմէ Օս­մանեան կառավարութեան ներկայացուած ազդարարութեան, թէ «մարդ­կայնու­թեան եւ քաղա­քակրթու­թեան դէմ յանցագործու­թիւն»-ներու մեղադրանքով պա­տե­րազմի յանցագործները անձնապէս պա­տասխանատւութեան պիտի ենթարկ­ուին, Ֆրանսա եւ, առաջին հերթին՝ Մեծն Բրի­տանիա, Կ.Պոլսոյ գրաւումէն ետք ճնշում կը բանեցնեն Օսմանեան նոր կա­ռավարու­թեան վրայ՝ ընթացք տալու Երիտթուրք պա­րա­գլուխներու դատավարու­թեան։ Սոյնը կ’իրականանայ 28 Ապրիլէն մինչեւ 25 Յունիս 1919 թուա­կանին։ Յիրաւի, այժմ համեմա­տաբար բարենպաստ ժամանակ մը թեւա­կոխած էր Գողգոթան վերապրած հայութեան մնացորդացը, ուստի ազգային բնա­կան պահանջ մըն էր իւրացնել մարդկային ար­ժանապատուութեան այն անկապտելի իրա­ւունքը՝ գէթ սգալու սեփական մեռելներուն վրայ։ Թէպէտ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ձօնուած առաջին սգահան­դէսները տեղի ունեցած էին 28 Հոկ­տեմբեր 1918-ին՝ Դա­մասկոսի, ապա 20 Յունուար 1919-ին՝ Հալէպի, եւ 25 Մայիս 1919-ին Պաղտատի մէջ[12], այնուամե­նայնիւ հայագիտութեան մէջ կարծիք ձեւաւորուած է, թէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած 24 Ապրիլի առաջին նշումը տեղի է ունեցած 1919 թուա­կանին Կ.Պոլսոյ մէջ։ Արդարեւ, քանի մը մտաւորականներէ ու անոնց հետ Ցեղասպա­նու­թենէն վերապրած անձերէ կազմուած «Ապրիլ տասնըմէկի սգահանդէսի յանձնա­խում­բը» Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Զաւէն արք. Տէր-Եղիայեանի նախագահու­թեամբ կը կազմակերպէ սգահանդէս մը, որ մասնաւորաբար կը ձօնուի հայ նա­հատակ մտա­ւորականներու յիշատակին։ Այս առթիւ նաեւ տեղի կ’ունենայ Թէո­դիկի եւ մի քանի գրողներու մասնակցութեամբ պատրաստուած «Յուշարձան Ապրիլ Տասնը­մէկի» գիր­քին շնորհահանդէսը։ Պէտք չէ բացառել, որ այս ընթացքին Հայոց Ցեղասպա­նութեան զոհերուն նուիրուած մարմարէ յուշակոթող մըն ալ կանգնեցուած է Պոլսոյ Փանկալթը թաղա­մասի հայ­կական գերեզմանատան մէջ, որուն լուսանկարը Թէոդիկ արտատպած է վերոնշեալ «Յուշար­ձան Ապրիլ Տասնըմէկի» յուշահատորի կողքին վրայ։

Բոլորովին անհաւանական չէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ուր փրկութեան առա­գաստ բացած էր տարագրուած հայութեան մնացորդացը, արդէն աւելի վաղ նշած ըլլար հնչակ­եան Քսան Կախաղաններու յիշատակին նուիրուած սգահանդէսը։ Այսպէս, Հնչակ­եան Կուսակ­ցութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղը 15 Յունիս 1919 թուականին կը նշէ Քսան Կա­խաղաններուն նուիրուած ընդհանրապէս առաջին սգահանդէս­ներէն մէկը[13]։ Այնուամենայնիւ, սակայն, ինչպէս պարագան Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշա­տակի վերոգրեալ առաջին նշումներուն կը վերա­բերի, այստեղ ալ Քսան Կախաղան­ներու յիշատակին ձօնուած պաշտօնական առաջին սգահանդէս­ներէն մին պէտք է նկա­տել Կ.Պոլսոյ մէջ 15 Յունիս 1919 թուականին կազմակերպ­ուած միջո­ցառումը։ Հե­տաքրքրականը այն է, որ Կ․Պոլիս Քսաններուն նահատակութեան վայրը ըլլալէ բա­ցի, տակաւին կը պահպանէր հայ մտաւորականութեան ստեղծագործ կաճառը ներկայացնելու հանգամանքը, ու այստեղ ազգին բոլոր խաւերը, առանց յա­րանուանական տարբե­րութիւններու եւ կուսակցա­կան զանազան պատկանե­լիութիւններու, իրենց անսակարկ եւ գործուն մասնակ­ցութիւնը կը բերեն հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած այս սգահանդէսին։ Սոյնը ան­գամ մը եւս կը բացայայտէ այն ճշմար­տութիւնը, թէ կեանքի մէջ առկայ բազմազան երեւոյթ­ները, նոյնիսկ սէրը հայրենիքին ու ազգին հանդէպ, երբ անկարող կը դառնան միաւո­րելու մարդ­կային, մինչեւ իսկ ազգային անհաշտելի տարբերութիւն­ները, սուգը զարմանալիօրէն իր մէջ կը պարու­նակէ այն ուժը ի մի բերելու բոլոր տարբե­րութիւնները, ներ­դաշնակելու գաղա­փա­­րական համո­զումներու այլազան երանգաւորումները, հաշտեցնելու քա­ղաքական գործելա­ոճերու հակասու­թիւն­ները, վերացնելու ներքին տրոհում­ները եւ միաւորելու ազգը թէկուզ գոնէ պահ մը, օր մը, կարճատեւ ժամանակամիջոց մը այն սուգին հանդէպ, որ ստոյգ ամէնուն կը վերաբերի ու կը ճմլէ անհատ մարդոց եւ նոյնիսկ հաւաքականութեան մը քարացած սրտերը։

Այս իրողու­թեան պերճախօս վկայութիւններէն մին կը հան­դիսանայ Կ.Պոլիս հրապարակուող Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Ճակատամարտ» օրաթերթին մէջ տպագրուած հաղորդագրութիւնը, որ իսկապէս ար­ժէ ամ­բողջութեամբ մէջբերել, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ Հնչակեան Կուսակ­ցութեան մեծա­գոյն մարտիրոսացումին՝ կախա­ղաններու տխուր ստուերին շուրջ ինչ­պէ՛ս կը համախմբուին զա­նազան պատկանելիու­թիւններու, միութիւններու, եկեղեցական եւ մշա­կութային տարբեր ան­դամակցութիւն­ներու պատկանող ազգային, կուսակցական եւ եկեղե­ցա­կան յարան­ուանութեանց ներկայացու­ցիչները.

«ՔՍԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի կէսօրէ վերջ Իւնիօն Ֆրանսեզի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը՝ 15 Յունիս 1915ին կախուած Հնչակեան նահատակներու յիշատակին։ Սրահը ամբողջովին լեցուած էր։ Ներկայ էին Պատրիարքը, Քաղաքական կուսակցու­թիւններու, մամուլի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ պոլսահայ մտաւո­րականութենէն կարեւոր մաս մը։ Բեմին վրայ դրուած էին ծաղկեպսակներ՝ վերապրող ընկերներէ, Տիկ. Ա. Պօյաճ­եանէ, Ժիրայր խումբէն, Աշխատանք մաս­նաճիւղէն եւայլն։ Սգահանդէսը բացուեցաւ Շօփէնի մահերգով։

Օրուան ատենախօսները ծանրացանայն կէտին վրայ թէ այս սգահանդէսը աւելի փա­ռահանդէս մըն է, թէ ճշմարտութեան ու արդարութեան յաղթանակին համար նահա­տակուողները մեռած չեն, այլ կ’ապրին անոնց մէջ որ բարձր կը պահեն մեռնողներու դրօշը։ Գոյամարտի կռիւը վերջ գտած չէ եւ դեռ շատ բան կայ ընելիք, զգետնելու համար ցեղին թշնամին։

Լ. Կանտ ի վեր հանեց հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը, հակառակ կախա­ղաններուն որ կը սպասեն իր ճամբուն վրայ։

Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ ընկեր Ամատունի բացատրեց թէ պայքարը որ յայտա­րարուեցաւ հայ ժողովուրդի գոյութեան դէմ՝ միջ-ցեղային կռիւ մը չէր. խաւարն էր որ լոյսին դէմ կը կռուէր, մակաբոյծ ժողովուրդ մը կ’ուզէր ոչնչաց­նել աշխատաւոր ցեղ մը, տիրանալու համար անոր հարստութեան։ Նահատակնե­րը զոհերն են ոչ միայն հայ ազ­գային ազատագրութեան, այլ եւ ռահւիրանները տիեզերական արդարութեան յաղթա­նակին։

Ռամկավարներու կողմէ Աղաճանեան շեշտեց թէ պէտք չէ սգալ նահատակները որ զոհ գացին գաղափարի ճամբուն վրայ, այլ սգալ անոնք որ կ’ապրին բայց մեռած են, անոնք որ կը շնչեն, բայց չեն հետաքրքրուիր նահատակներու պարզած դրօ­շով։

Սուրեան (Վեր. Հնչ.).­– Տեւտոնեան-Մոնկոլեան միացեալ վոհմակը ուզեց ջնջել մեր գո­յութիւնը, բայց համ միտքը կ’ապրի դեռ։

Բնակունի (Ս. Դ. Հ.).– Պատմութեան մէջ այն ազգերը միայն կ’ապրին որոնք կը դի­մագրաւեն փառաւոր խաչելութիւններ։

Հմայեակ Խեսրովեան (ազատական).– Ի՞նչ պիտի կտակենք մեր զաւակներուն։ Քսե­նոփոն կը նկարագրէ աղքատ Հայաստան մը, ուր գէթ կար իւղը, մեղրը ու հայ կոյսերու այտերու կարմրութիւնը. դժբախտաբար ասոնք անգամ չպիտի գտնենք այսօրուայ Հայաստանին մէջ։ Մենք կու տանք անոնց աւերակներով եւ խլեակ­ներու կոյտի մը հետ կորով, կամք եւ աշխատութիւն՝ վերաշինելու համար հա­րուստ Հայաստանը։

Փակման խօսքը արտասանեց Զաւէն Պատրիարքը որ գլխաւորապէս ծանրացաւ այն կէտին վրայ թէ ‛Չէզոք ազգերը ապրելու իրաւունք չունին’. պէտք էր յարձա­կողական ըլլալ՝ պայքարին մէջէն ողջ դուրս գալու համար։ Երբ մենք ձեռքերնիս ծալլած նստեր ենք, վստահ ըլլալով թէ Դաշնակիցներու յաղթանակով շահուած է նաեւ մեր դատը, անդին մեր ցեղին թշնամին կը գործէ յարատեւ, անոնց կիներն անգամ շարժումին մէջ նետուած են. անոնք կը հպատակին վերէն եկող հրաման­ներուն եւ պարզ սաթըճին ու նպարա­վաճառը կը վերցնեն հայ որբեր, գիտնալով որ այսպէսով կ’ապահովեն կրկնակ շահ, զօրացնել թրքութիւնը եւ տկարացնել հայ տարրը։

Բանախօսութիւններու ընթացքին պրն. Սարեան արտասանեց Սիամանթօէն երկու կտոր»[14]։

Գում-Գաբուի քահանայ հայրերէն տ. Գալուստ Յ. Պօղոսեան, որ կախաղաններու նա­խօրեակին վերջին ականատեսն էր հնչակեան հէգ մարտիրոսներուն, մահապատիժի գործադրումէն քիչ առաջ անոնց խոստովանանքի ծիսական կարգը կը կատարէ, ապա շիշ մը ջուր խնդրելով կ’օրհնէ զայն ու զերթ փոխարկուած կենսառողջ գինի՝ մեղսաքաւիչ զօրութեամբ կը մատուցէ Քսան­ներուն։ Ան իր այնքան ցնցող եւ վաւերական յուշերուն մէջ կը վկայէ, թէ արարողութիւնը աւա­րտելէ ետք, գրեթէ վերջին վայր­կեաններուն, Արամ Աչըգպաշեան իրեն դի­մելով խստիւ կը պատուիրէ, որ ան «իրենց մարմին­ները առանձին-առանձին չթաղէ, այլ բո­լորը միասին՝ մէկ փոսի մէջ»։ Գաղափարով միացած եւ համախումբ հայոց ազա­տագրական պայքարի կարմիր ճամ­բաներուն վրայ, Քսաններուն սրբա­զան փափաքն էր նաեւ իրենց անշնչացած մարմին­ներով միանալ գերեզմանի մութ փոսին մէջ։ Հաւաքական սուգը եւ մահուան տիեզերա­կան օրէնքը ստոյգ եւ մի՛շտ համախմբող գործօն մըն է, սակայն Քսաններուն անշուք եւ անյայտ գերեզմանէն ու անոնց միաձոյլ աճիւններէն հնչող հայ սերունդներուն ուղղուած մո­գական պատգամը այն է՝ ազ­գովին միանալ ոչ թէ մահ ու սուգի, կորուստի եւ պարտութեան ճնշող ցաւերուն առթիւ, այլ  հարկ է բռունցքա­ւորուիլ ազգային գերա­գոյն նպատակներու իրականացման ու միայն այդ ճամ­բով շահած փառապանծ յաղթանակ­ներուն շուրջ։

Ձախէն աջ՝ Իթթիհատի ոճրածին ներկայացուցիչներ՝ ոստիկանութեան տնօրէն Պետրի Պէյ (1)
եւ Կ.Պոլսոյ նորանշանակ քաղաքապետ Իսմայիլ Ճանփոլատ (2), 16 Հոկտեմբեր 1916 թ.

Քսաններու յիշատակին ձօնուած սգահանդէսին վերաբերեալ այլ նկարագրութեան մը կը հան­դիպինք նաեւ Կ.Պոլսոյ «Առաւօտ» թերթի 16 Յունիս 1919 թուակա­նի համա­պատասխան սիւ­նակ­ին մէջ, ուր կը հաղորդուի խիստ ուշագրաւ տեղեկութիւն մը.

«Պիտի ձեռնարկուի քսան Հնչակեան նահատակներուն սրբազան ոսկերտիքը փոխա­դրելու պատշաճ սրբավայր մը»[15]։

Թէպէտ Իթթիհատական բորենիները փորձած էին գաղտնի պահել նահատակ հերոս­ներուն հաւաքական գերեզմանը եւ արիւնկզակ ոստիկանապետը Պետրի պէյ թոյլ չէր տուած Քսաննե­րու անշնչացած մարմիններուն կատարել գերեզմանի թաղման եւ յուղարկաւո­րութեան կարգը՝ պոռալով տ. Գալուստ քհնյ. Պօղոսեանի վրայ՝ «Անանկ­ներուն ոչ մէկ բան պէտք է, անոնք միլլէթ խայինի են», այնուամենայնիւ ժամա­նակից պոլսահայերուն անյայտ մնացած չէ այդ ուխտա­վայրը, որ գտնուած է Էտիրնէգաբուի հայոց գերեզմանատան պատին դուրսի կողմը, ուր շտապ փորուած է հասարակաց փոս մը՝ ծածկելով անոր մէջ յեղափոխութեան դրօշը ձեռին կառափ­նատ բարձրացած Քսան­ներուն աճիւնները։ Անոնց գերեզմանը դժբախտաբար ցայսօր կը մնայ անշիրիմ, բայց կը յարատեւէ ըլլալու միշտ նուի­րական ներկայութիւն մը ու կենդանի սրբավայր մը հայ ժողովուրդի հաւաքական գի­տակցութեան մէջ։

Յարգա՜նք Քսաններու անթառամ յիշատակին եւ բի՜ւր համբոյր հայրենիքի ազատա­գրութեան այս յառաջապահ մարտիկներու սրբազան շիրիմին։

 Ժընեւ, 15 յունիս 2023

——————————————————————————————————

[1] Հմմտ. «Հնչակ», Փորվիտենս, 1936, էջ 6։

[2] Պէտք է ըլլայ՝ Աչըգպաշեան։

[3] Պէտք է ըլլայ՝ Եկաւեան։

[4] Պէտք է ըլլայ՝ Տէր Ղազարեան։

[5] Պէտք է ըլլայ՝ Զաքարեան։

[6] Պէտք է ըլլայ՝ Մանուկեան։

[7] Պէտք է ըլլայ՝ Մանանեան։

[8] Հմմտ. «Հնչակ», Փարիզ, 1915, էջ 1։

[9] Տե՛ս Մանուկեան Աբէլ քհնյ., «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ, Երեւան-Պէյ­րութ, 2020, էջ 196‒235։

[10] Տե՛ս նոյնը։

[11] Հմմտ. Սեդրակ Շահէն, «Քսան կախաղաններ. Դրամա չորս արարուած՝ մէկ պատկերով», Շիքակօ, 1918, էջ 3։

[12] Տե՛ս Մարության, Հարություն, «Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակի օրվա ձևավորումը, զարգացումները, մերօրյա վիճակը» (Մաս 1), Ցեղասպանության հանդես 6 (1), 2018, առցանց՝ http://www.genocide-museum.am/arm/ARMENIAN-GENOCIDE-VICTIMS-26.01.2019.php։ նաեւ՝ Նաճար­եան, Միհրան, «Յուշագիրք 1918–1948», Պէյրութ, 1949, էջ 16‒19։

[13] Տե՛ս «Երիտասարդ Հայաստան», ԺԶ. տարի, թիւ 23, Շիքակօ, 19 յուլիս 1919, էջ 3։

[14] Հմմտ. «Ճակատամարտ», «Քսան նահատակներու սգահանդէսը», թիւ 182, Կ.Պոլիս, 17 յունիս 1919, էջ 2։

[15] Հմմտ. «Առաւօտ», թիւ 11, Կ.Պոլիս, 16 Յունիս 1919, էջ 2։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment