Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանը Թուիթըրով Անդրադարձած Է Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Խնդիրին

Էրտողանը Թուիթըրով Անդրադարձած Է Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Խնդիրին

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, Ատրպէյճանէն վերադառնալով, գրառում կատարած է Թուիթըրով՝ դարձեալ տուրք տալով «մէկ ազգ երկու պետութիւն » կարգախօսին, փոխանցած է Ermenihaber-ը։

Շեշտած է, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ռազմավարական դիրք կը զբաղեցնեն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջև։ Թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնը գովաբանելով՝ Էրտողանը հաւաստիացուցած է, որ առեւտուրէն մինչեւ ուժանիւթ, պաշտպանական արդիւնաբերութենէն մինչեւ փոխադրութիւն աւելի պիտի խորացնեն իրենց համագործակցութիւնը իւրաքանչիւր ոլորտին մէջ։

«Նախագահ Իլհամ Ալիեւ եղբօրս հետ ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սրտի տալով մեր յարաբերութիւնները պիտի շարունակենք զարգացնել բոլոր ոլորտներուն մէջ»։

Թուրքիոյ ղեկավարը նաեւ անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ տարածաշրջանը պիտի հասնի շատ աւելի բարեկեցիկ պայմաններու։

«Իլհամ եղբօրս հետ լիարժէք համաձայնեցուած եւ համակարգուած կերպով կ’իրականացնենք այս երկխօսութեան գործընթացը։ Կը հաւատամ նաեւ, որ, Աստուծոյ կամքով, մօտ ժամանակներս պիտի տեսնենք այս շփումներուն դրական արդիւնքները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment