Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանցիները Կրակ Բացած Են Երասխի Մէջ Կառուցուող Մետաղագործական Գործարանին Վրայ, 2 Օտարերկրացի Վիրաւորուած Է. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանցիները Կրակ Բացած Են Երասխի Մէջ Կառուցուող Մետաղագործական Գործարանին Վրայ, 2 Օտարերկրացի Վիրաւորուած Է. ՀՀ ՊՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուժը Յունիս 14-ին, ժամը 11:45-ի սահմաններուն, կրակ բացած է Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորում ստացած է օտարերկրեայ երկու քաղաքացի, հաղորդած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, անկէ 10-15 վայրկեան առաջ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն տարածած էր, թէ իբր Հայաստանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ «ստեղծելով տեղեկատուական հիմք» հետագայ գործողութիւններուն համար:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը այդ հաղորդագրութեան մէջ պնդած էր, որ նոյն օրը ժամը 10-էն հայկական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները բուռն կրակ բացած են Նախիջեւանի Հեյտարապատ բնակավայրին մօտ ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, «ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները պատասխան գործողություններու կը դիմեն»։

Նախօրէին եւս սահմանի տուեալ հատուածին մէջ կրակոցներ հնչած էին, վնասուած է քաղաքացիական ինքնաշարժ եւ այլ կառոյց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment