Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ոչ Ոք Կասկածի Տակ Կը Դնէ Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը. Օվերչուք Անդրադարձած Է Տարածաշրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման

Ոչ Ոք Կասկածի Տակ Կը Դնէ Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը. Օվերչուք Անդրադարձած Է Տարածաշրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման

by MassisPost

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք մեկնաբանած է տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման յանձնաժողովի եռակողմ նիստի արդիւնքները` ընդգծելով, որ ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

«Sputnik Արմէնիա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին Օվերչուք նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները տեւած են ինը ժամ:

«Սկզբունքօրէն, բնագիրը պատրաստութեան բարձր մակարդակի վրայ է, կան երկու-երեք հակասութիւններ, որոնք դեռ յաւելեալ քննարկման կարիք ունին, նաեւ այն հարցերուն շուրջ, թէ ուր պիտի անցնի երկաթուղին: Մենք այդ բարձրաձայնած ենք, պայմանաւորուած ենք, թէ ինչպէս պիտի իրականացուի ապրանքներու մաքսային հսկողութիւնը», ըսած է Ալեքսէյ Օվերչուքը:

Անոր խօսքով` այդ պիտի ըլլայ սովորական երկաթուղի, սովորական սահման` անցագրային, սահմանային, մաքսային հսկողութեամբ:

Ռուսիոյ փոխվարչապետը նշած է, որ բոլոր կողմերը հակուած են «արագ մեկնարկին»: Յստակացնող հարցումին, թէ արդեօք քննարկուա՞ծ է Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան աշխատակիցներու հնարաւոր մասնակցութեան հարցը վերահսկողութեան, անվտանգութեան ապահովման առումով, Օվերչուք պատասխանած է. «Այդ կախեալ է Հայաստանի Հանրապետութենէն»:

Յունիս 2-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբին հանդիպումը` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի, Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Շահին Մուսթտաֆաեւի համանախագահութեամբ:

Մոսկուային մէջ աշխատանքային խումբի նիստէն յետոյ Հայաստանի կառավարութիւնը յայտնած է, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ձեւերու համաձայնեցման գործին մէջ: Մասնաւորապէս, ընդհանուր փոխըմբռնում ձեռք բերուած է Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երթուղիով երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ կազմակերպման ուղղութեամբ յստակ քայլերու իրականացման վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment