Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը Շարունակէ Քայլեր Ձեռնարկել Միջուկային Ուժանիւթի Հեռանկարային Օգտագործման Ուղղութեամբ. Փաշինեան

Հայաստան Կը Շարունակէ Քայլեր Ձեռնարկել Միջուկային Ուժանիւթի Հեռանկարային Օգտագործման Ուղղութեամբ. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստան կը շարունակէ քայլեր ձեռնարկել միջուկային ուժանիւթի հեռանկարային օգտագործման ուղղութեամբ` երկարացնելով Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի 2-րդ ուժանիւթապլոքի նախագծային ժամկէտը եւ աշխատանքներ տանելով նոր ուժանիւթաապլոքի կառուցման ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Եւրասիական համաժողովին ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Վարչապետը կարեւորեց շարունակել աշխատանքը` ածխածնային չէզոքութեան հասնելու եւ կանաչ օրակարգով շարժելու ուղղութեամբ: Կանաչ տնտեսութիւնը այլընտրանք է գերիշխող տնտեսական ձեւի, որ կ’առաջացնէ միջոցներու սակաւութիւն եւ վտանգ կը ներկայացնէ կենսոլորտին համար: Փաշինեան պատահական չհամարեց, որ այդ հարցերը հաստատապէս ներառուած են ոչ միայն բնապահպանական, այլեւ տնտեսական օրակարգին վրայ:

«Հայաստանի կանաչ ուժանիւթի քաղաքականութիւնն առաջին հերթին ուղղուած է ջերմոցային կազերի արտանետումների ապաածխածնացմանն ու սահմանափակմանը, ուժանիւթի արտադրութեան համար վերականգնուող եւ այլընտրանքային աղբիւրների օգտագործման զարգացմանը, ուժանիւթի արդիւնաւէտ եւ միջոց խնայող արհեստագիտութիւնների ներդրմանը, գիտատար նորարարական արհեստագիտութիւնների ներդրմանը, ինչպէս նաեւ համաշարհային կլիմայական օրակարգում երկրների միջազգային պարտաւորութիւնների կատարման», ըսաւ Փաշինեան:

Խօսելով վերականգնուող ուժանիւթի ներուժի զարգացման մասին` վարչապետը նշեց, որ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրները, ինչպիսիք են արեւային, քամիի եւ ջրաուժանիւթը, հսկայական ներուժ ունին` տնտեսական աճը եւ տարածաշրջանի կայուն զարգացումը խթանելու առումով: Ներդրումներ կատարելով վերականգնուող ուժանիւթին մէջ` կարելի է նպաստել կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համաշխարհային ջանքերուն:

«Բացի վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրների զարգացումից, անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ միջուկային ուժանիւթին, որը մաքուր, ապաածխածնացուած ուժանիւթ է: Աթոմային ուժանիւթի զարգացումը կարեւոր է նաեւ միութեան երկրների ուժանիւթային անվտանգութեան եւ անկախութեան ապահովման տեսանկիւնից: Այդ նպատակով մենք շարունակում ենք քայլեր ձեռնարկել միջուկային ուժանիւթի հեռանկարային օգտագործման ուղղութեամբ` երկարացնելով Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի 2-րդ ուժանիւթապլոքի նախագծային ժամկէտը եւ աշխատանքներ տանելով նոր ուժանիւթապլոքի կառուցման ուղղութեամբ», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment