Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Որոշեց Նիստի Դահլիճէն Ազատ Արձակել Գայիանէ Յակոբեանը` 4 Տարի Պայմանական Բանտարկութեամբ

Դատարանը Որոշեց Նիստի Դահլիճէն Ազատ Արձակել Գայիանէ Յակոբեանը` 4 Տարի Պայմանական Բանտարկութեամբ

by MassisPost

Երեւանի Ընդհանուր Իրաւասութեան Դատարանը վճռեց Աշոտ Փաշինեանին առեւանգելու մէջ մեղադրուող Ազգուշ Մարտիրոսեանին (Գայիանէ Յակոբեան) մեղաւոր ճանչնալ եւ դատապարտել բանտարկութեան  4 տարի ժամկէտով, սակայն ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 84-րդ յօդուածի կիրառմամբ` Ազգուշ Մարտիրոսեանի նկատմամբ նշանակուած պատիժը պայմանականօրէն չկիրառել եւ սահմանել փորձաշրջան` մէկ տարի ժամկէտով:

«Արդարադատութեան նպատակը ոչ թէ պատժելն է, որպէս այդպիսին, այն մարդուն, ով մեղաւոր է ճանաչւում ինչ-որ յանցանքի մէջ, այլ նպատակը յանցանքների նուազումն է, եւ եթէ նոյնիսկ որեւէ միջադէպ տեղի է ունեցել, այլեւս տեղի չունենայ, եւ եթէ դատական արդարադատութեան համակարգը եւ իրաւական համակարգը որոշում են, որ այս պայմաններում այդ նպատակն իրագործւում է, ես բնականաբար դրան դէմ չեմ կարող լինել եւ անձնապէս կարող եմ ուրախ լինել», այս մասին Ազգուշ Մարտիրոսեանի (Գայիանէ Յակոբեան) վերաբերեալ վճիռի  հրապարակումէն յետոյ դատարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՀ վարչապետի որդին` Աշոտ Փաշինեանը:

Աշոտ Փաշինեանը նաեւ ըսաւ, որ գոհ է, որ իրաւական գնահատական տրուեցաւ միջադէպին, եւ կը կարծէ, որ այդ շատ կարեւոր է` անկախ անկէ, թէ որուն կը վերաբերի միջադէպը եւ ինչ միջադէպ է, եւ ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքով նախատեսուած պատիժը կամ կանխարգելիչ միջոցը այս  յանցանքի պարագային շատ քիչ չէ Գայիանէ Յակոբեանի նկատմամբ:

«Ես ասել եմ եւ ասում եմ` ՀՀ-ում նման միջադէպերը, իւրաքանչիւր միջադէպ պէտք է ստանայ համապատասխան իրաւական գնահատական», ըսաւ Աշոտ Փաշինեանը:

Ան նաեւ ըսաւ, որ կայացուած վճիռը պիտի չբողոքարկէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment