Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը եւ Տոքերթին Կարեւորած Են ՀՀ-ի եւ ՄԹ-ի Միջեւ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագրի Ստորագրումը

Միրզոյեանը եւ Տոքերթին Կարեւորած Են ՀՀ-ի եւ ՄԹ-ի Միջեւ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագրի Ստորագրումը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթին պատրաստակամութիւն յայտնած են գործնական քայլերու ձեռնարկելու տնտեսական, գիտական, մշակութային ոլորտներու մէջ առկայ ներուժը լիարժէք իրացնելու ուղղութեամբ։ Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` ընդգծելով, որ կողմերը կարեւորած են Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ հաստատուած փոխգործակցութիւնը եւ լիայոյս են, որ կը կարենան համատեղ ջանքերով նոր լիցք հաղորդել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն համագործակցութեան։

«Կը կարեւորենք Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ ազդարարուած ռազմավարական երկխօսութեան մեկնարկը։ Լիայոյս ենք, որ այդ իր արտացոլումը պիտի ունենայ նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ մեր փոխգործակցութեան հարցով», ըսաւ Միրզոյեան։

Չնայած նկատուող առեւտրաշրջանառութեան ծաւալի որոշակի աճին՝ արտաքին գործերու նախարարը յոյսով է յաջորդ հանդիպումներու ընթացքին արձանագրել աւելի մեծ դրական աշխուժութիւն։

«Երկուստեք կարեւորած ենք նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ յարաբերութիւններու իրաւապայմանագրային հիմքի ամրապնդումը, մասնաւորապէս համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրման մասով։ Կը կարծենք, որ փոխադարձ բարձրաստիճան այցերու իրականացումը այս ուղղութեամբ եւս խթան պիտի հանդիսանայ», ընդգծեց Միրզոյեան։

Արտաքին գործերու նախարարը յայտնեց, որ Տոքերթիի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգին` ուղղուած ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ անզիջում պայքարին եւ արդիւնաւէտ կառավարման ապահովման:

«Այս ծիրին մէջ մենք կ’արժեւորենք Միացեալ Թագաւորութեան շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն», եզրափակեց Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment