Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւանն Ու Պաքուն Մօտեցուցած Են Դիրքորոշումները Խաղաղութեան Պայմանագրի Հարցով․ Լաւրով

Երեւանն Ու Պաքուն Մօտեցուցած Են Դիրքորոշումները Խաղաղութեան Պայմանագրի Հարցով․ Լաւրով

by MassisPost

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներու հետ եռակողմ հանդիպումէն յետոյ յայտնած է, որ կողմերը յաջողած են մօտեցնել դիրքորոշումները խաղաղութեան պայմանագրի եւ այլ հարցերու շուրջ։ Մանրամասնութիւններ, սակայն, Լաւրով չէ յայտնած։

«Խաղաղութեան պայմանագրի եւ շարք մը այլ կէտերու շուրջ, որոնք այսօր քննարկուած են, կարելի եղած է մօտեցնել կողմերուն ընկալումները ընդհանուր տեսլականին», ըսած է Լաւրով։

Ռուս պաշտօնեան տեղեկացուցած է նաև, որ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած է ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի փոխվարչապետներու գլխաւորած խումբերուն նիստը։

«Յոյս ունինք, որ {նիստի} արդիւնքներով պիտի հասնինք դրական արդիւնքի։ Կողմերը արդէն շատ-շատ մօտ են վերջնական պայմանաւորուածութիւններու», ընդգծած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ղեկավարը։

Բացի անկէ, Լաւրով յայտնած է սահմանազատման հարցերով երկկողմ յանձնաժողովի նիստ կայացնելու հարցով պայմանաւորուածութեան մասին, որ անոր խօսքերով՝ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային։

Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը նաեւ յայտնած է, որ նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը մոսկովեան հանդիպման ընթացքին հաստատած են, որ առանց սահմանազատման հարցերու, փոխադրութեան եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, անվտանգութեան իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման ապահովման հայ-ատրպէյճանական սահմաններուն եւ Ղարաբաղի մէջ, շատ դժուար է յառաջ շարժիլ խաղաղութեան պայմանագրի յստակ ձեւերով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment