Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աշոտ Փաշինեանը Առեւանգելու Համար Կասկածուող Գայիանէ Յակոբեանը 1 Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

Աշոտ Փաշինեանը Առեւանգելու Համար Կասկածուող Գայիանէ Յակոբեանը 1 Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

by MassisPost

Աշոտ Փաշինեանը առեւանգելու համար կասկածուող Գայիանէ Յակոբեանը 1 ամիսով դատարանին որոշմամբ կալանաւորուեցաւ:

Նշենք, որ վերջինս ձերբակալելու որոշման բողքի եւ կալանաւորելու միջնորդութեան քննութիւնը տեւեց երկու օր: Այն տեղի ունեցաւ Շէնգաւիթի դատարանին մէջ:

Մայիս 17-ին «Հայկական Ժամանակ»-ը, յղում ընելով իր տեղեկութիւններուն, յայտնած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին` Աշոտ Փաշինեանը, «Որդիներու Կանչ» հասարակական կազմակերպութեան անդամները իր տան մերձակայքէն փորձած են առեւանգել: Այնուհետեւ ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ ստացած է հաղորդում վարչապետի որդին առեւանգելու փորձի վերաբերեալ, որմէ յետոյ հրապարակուեցան տեսերիզներ, թէ ինչպէս Աշոտ Փաշինեանը դուրս նետուած է այն ինքնաշարժէն, որով փորձած էին զինք առեւանգել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment