Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւս Մէկ Հայկական Ընկերութիւն` Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Տակ

Եւս Մէկ Հայկական Ընկերութիւն` Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Տակ

by MassisPost

Հայաստանի 732-րդ ամենամեծ հարկատուն յայտնուած է ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ: Ուաշինկթըն օրերս նոր ցուցակ հրապարակեց, ուր շուրջ 7 տասնեակ ռուսական ընկերութիւններու կողքին նշուած էր նաեւ Երեւանի մէջ գործող «Մետիսար»-ի անունը:

Ամերիկեան կողմին պնդմամբ` ցանկին մէջ ընդգրկուած ընկերութիւնները կ’աջակցին ռուսական բանակին եւ ռազմաարդիւնաբերութեան:

2001 թուականին հիմնադրուած «Մետիսար»ը սննդանիւթեր, տարրալուծարանային սարքաւորումներ կը ներկրէ: «Մետիսար»ը իրեն կը ներկայացնէ որպէս այս ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող Հայաստանի ամենամեծ ընկերութիւնը:

Այն տեղակայուած է Երեւանի կեդրոնը, մեծ պահեստ ունի` 2500 քառակուսի մեթր տարածքով:

Աւելի վաղ ալ ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ յայտնուած էր Հայաստանի մէջ արձանագրուած մէկ այլ ընկերութիւն` «Թաքօ», որ գործունէութիւն կը ծաւալէ ելեկտրոնային սարքերու առեւտուրի ոլորտին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment