Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փորձած Են Առեւանգել Աշոտ Փաշինեանը. Վերջինս Վնասուածք Ստացած Է

Փորձած Են Առեւանգել Աշոտ Փաշինեանը. Վերջինս Վնասուածք Ստացած Է

by MassisPost

«Հայկական Ժամանակ»-ի տեղեկութիւններով, Մայիս 17-ին, ժամը 15:00-ի սահմաններուն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին` Աշոտ Փաշինեանը, իր տան մերձակայքէն փորձած են առեւանգել:

Նախնական տեղեկութիւններով` առեւանգման մասնակիցները «Որդիներու Կանչ» հասարակական կազմակերպութեան անդամներն են, որոնք ստիպած են Աշոտ Փաշինեանին նստիլ իրենց ինքնաշարժը, սակայն պահ մը կանգ առած ընթացող ինքնաշարժէն Աշոտ Փաշինեանը յաջողած է դուրս թռչիլ, որուն հետեւանքով զայն վրաերթի ենթարկած է ետեւէն ընթացող նոյն կազմակերպութեան ինքնաշարժը: Որպէս հետեւանք վնասուած է Աշոտ Փաշինեանի ոտքը, իսկ դէպքի վայրէն «Որդիներու Կանչ» հասարակական կազմակերպութեան անդամները դիմած են փախուստի: Աշոտ Փաշինեանը դիմած է իրաւապահներուն:

Նշենք, որ «Որդիներու Կանչ» հասարակական կազմակերպութեան անդամ է նաեւ Գարիկ Գալէեանը, որ եւս մասնակցած է Աշոտ Փաշինեանի առեւանգման:

Ի դէպ, սա առաջին դէպքը չէ, երբ Գարիկ Գալէեանը աչքի կ’իյնայ ոչ-հաւասարակշիռ պահուածքով, ան 2022 թուականին ալ կը սպառնար ահաբեկչութեամբ` դպրոց ու մանկապարտէզ գրաւելով:

Վարչապետի որդիի առեւանգման փորձին առնչութեամբ կան բերման ենթարկուածներ:

Ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին բերման ենթարկած են պատերազմին զոհուած զինուորներ` Ժորա Սահակեանի հայրը` Վահիտ Սահակեանը, Մխիթար Գալէեանի հայրը` Գարիկ Գալէեանն ու Ժորա Մարտիրոսեանի մայրը` Գայիանէ Յակոբեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment