Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Հնդկաստանի Մէջ Ռազմական Կցորդ Պիտի Ունենայ

Հայաստանը Հնդկաստանի Մէջ Ռազմական Կցորդ Պիտի Ունենայ

by MassisPost

Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ռազմական կցորդ պիտի նշանակուի: Համապատասխան հաստիքը ստեղծելու որոշման նախագիծը ներառուած է կառավարութեան Մայիս 18-ի օրակարգին մէջ:

«Հնդկական կողմի ռազմաարդիւնաբերական համալիրի պետական կառոյցների, մասնաւոր կազմակերպութիւնների եւ ընկերութիւնների կողմից փոխգործակցութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ վերջին ժամանակաշրջանում ցուցաբերած մեծ հետաքրքրութիւնն անհրաժեշտութիւն է առաջացրել Հնդկաստանի Հանրապետութիւնում ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական կցորդի հաստիք», նշուած է որոշման հիմնաւորումներուն մէջ:

Ռազմական կցորդը պէտք է իրականացնէ ներկայացուցչական աշխատանք, որ կը ներառէ երկու երկիրներու ռազմական գերատեսչութիւններուն հետ պաշտօնական կապերու հաստատում եւ խորացում, ռազմական ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու զարգացում, համագործակցութեան ծրագիրներու իրականացման մշտադիտարկում, օժանդակութեան ցուցաբերում նախարարութեան եւ զինուած ուժերու պատուիրակութիւններու այցերու կազմակերպման ժամանակ:

Ռազմական կցորդը, Հնդկաստանի Զինուած Ուժերու հրամանատարութեան հետ հաստատելով պաշտօնական յարաբերութիւններ, տեղի ռազմական գերատեսչութեան հրաւէրով պիտի ապահովէ զօրահանդէսներուն, զօրավարժութիւններուն, զօրաշարժերուն, սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի ցուցահանդէսներուն հայկական կողմի պաշտօնական ներկայացուածութիւնը, պիտի այցելէ ռազմական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment