Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպայի Խորհուրդի 4-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Թինի Քոքսի հետ:
Զրւցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքին եւ այդ ուղղութեամբ յառաջիկային նախատեսուող ծրագիրներուն: Վարչապետը նշած է, որ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը ՀՀ կառավարութեան համար ռազմավարութիւն է եւ Հայաստանը հետեւողականօրէն պիտի ընթանայ այդ ճանապարհով:
Թինի Քոքսը ողջունած է այս ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան քաղաքականութիւնն ու նախաձեռնողականութիւնը:
Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսավյէ Պեթթելի հետ: