Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Կը Հաղորդէ 250 Միլիոն Եւրոյի Քոքայինի Մաքսանենգութեան Բացայայտման Մասին

ԱԱԾ-ն Կը Հաղորդէ 250 Միլիոն Եւրոյի Քոքայինի Մաքսանենգութեան Բացայայտման Մասին

by MassisPost

Բացայայտուած են խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ առանձնապէս մեծ չափերով թմրամիջոց իրացնելու եւ առանձնապէս մեծ չափերով թմրամիջոցի մաքսանենգութիւն կատարելու դէպքեր, կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը:

ԱԱԾ մամուլի կեդրոնին փոխանցմամբ` ծառայութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ, Մայիս 13-ին նախաձեռնուած եւ իրականացուող քրէական վարոյթի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ Հայաստանի մէջ գործող եւ միրգերու ներմուծմամբ զբաղող ընկերութեան կողմէ Էքուատորի մէջ գտնուող ընկերութենէն պատուիրուած ապրանքատեսակին հետ տարանցիկ երկիրներու` Փանամայի, Իտալիոյ եւ Վրաստանի տարածքով Հայաստան ներմուծուած է «քոքային» տեսակի շուրջ մէկ թոն քաշով թմրամիջոց (շուրջ 250 միլիոն եւրօ արժողութեան), որ յայտնաբերուած է եւ կը գտնուի ԱԱԾ-ին մօտ:

Հայկական կողմին հաղորդագրութիւնը կը յաջորդէ իտալական ոստիկանութեան բացայայտման, երբ պարզուեցաւ, որ իտակալան նաւահանգիստին մէջ յայտնաբերուած 2,7 թոն քոքայինը պանանի արկղերով Էքուատորէն պէտք է տեղափոխուէր Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment