Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ Հանդիպումը

Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ Հանդիպումը

by MassisPost

Մայիս 14-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային փոխադրութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Աւելի քան 4 ժամ տեւած հանդիպման արդիւնքներով Շարլ Միշէլը յայտարարած է.

«Հանդիպման ընթացքին կողմերը կեդրոնացած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յառաջընթացի վրայ: Առաջնորդները խաղաղութեան հասնելու պատրաստակամութիւն յայտնած են: Միասին քննարկած ենք օրակարգային բոլոր հարցերը:

Հարկաւոր է պահել այս թափը եւ քայլերու ձեռնարկել երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագրի ստորագրման ուղղութեամբ:

Կողմերը քննարկած են սահմանազատման գործընթացին մէէջ արձանագրուած յառաջընթացը, այս ծիրին մէջ անոնք պայմանաւորուած են վերսկսիլ սահմանային հարցերու շուրջ երկկողմ հանդիպումները:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները հաւատարմութիւն յայտնած են Ալմա-աթայի 1991 թուականի հռչակագրին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:  Այս անգամ Շարլ Միշէլը յստակ նշած է երկու երկիրներուն տարածքը` Հայաստանի 29 հազար 800 եւ Ատրպէյճանի 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթրը:

Սահմանազատման հետ կապուած վերջնական հարցերը պիտի համաձայնեցուին բանակցութիւններու միջոցով:

Հաղորդակցութիւններուն հետ կապուած` կողմերը յստակ յառաջընթաց արձանագրած են տարածաշրջանին մէջ փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերու քննարկումներուն մէջ: Կողմերուն դիրքորոշումները այս թեմային շուրջ արդէն շատ մօտ են` խօսքը մասնաւորապէս` Նախիջեւանով երկաթուղային կապի վերաբացման մասին է:

Ըմբռնում եղած է, որ գերեվարուած անձեր ազատ պիտի արձակուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Ես նաեւ ընդգծած եմ, որ մոլորուած քաղաքացիներուն ազատ արձակումը պէտք է իրականացուի արագացուած ընթացակարգով:

«Անդրադարձ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու ապահովման: Ես յորդորած եմ Ատրպէյճանին ներգրաւուիլ դրական օրակարգի մշակման` երաշխաւորելու հայերու անվտանգութիւնը` միջազգային հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ: Ես բարձրաձայնած եմ նաեւ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան միջեւ թափանցիկ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին», ըսած է Շարլ Միշէլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment