Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կատարէ Իր Մանտաթը. ԱԳ Փոխնախարար

Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կատարէ Իր Մանտաթը. ԱԳ Փոխնախարար

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը ամբողջութեամբ կը կատարէ իր մանտաթը, ատրպէյճանական յարձակման իրենք չէին կրնար արձագանգ տալ, իրենց դերակատարումն է պարբերաբար այցելել սահմանի բոլոր հատուածներ, զեկոյցներ պատրաստել Պրիւքսէլի համար:

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարեց ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան` անդրադառնալով Մայիս 11-էն Սոթքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի յարձակման ու ԵՄ առաքելութեան արձագանգին:

«Դիտորդները չէին կարող որեւէ արձագանգ տալ: Իրենց դերակատարումն է պարբերաբար զեկոյցներ պատրաստել Պրիւքսէլի, ԵՄ անդամ երկրների համար, պարբերաբար այցելել սահմանի բոլոր հատուածներ: Իրենց ներկայութիւնն արդէն իսկ ներդրում է իրավիճակը բարելաւելու առումով: Դա ստեղծում է հոգեբանական առումով աւելի ապահով մթնոլորտ տեղում: Եւ այդ առումով առաքելութիւնն ամբողջութեամբ կատարում է իր վրայ դրուած մանտաթը», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ան յաւելեց, որ ոչ ոք կասկած ունէր, որ որոշակի սադրանքներ պիտի ըլլային, եւ անոնք եղան:

«Սակայն այս պահին մենք կարող ենք դրական գնահատել առաքելութեան գործունէութիւնը»,-նշեց փոխնախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment