Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Նշանակուեցաւ Նախագահական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը

Թուրքիոյ Մէջ Նշանակուեցաւ Նախագահական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը

by MassisPost

Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ընտրական Խորհուրդի նախագահ Ահմեթ Էներ յայտնած է, որ ըստ Կիրակի օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, գործող նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը ստացած է քուէներուն 49,51 տոկոսը, անոր հիմնական մրցակից Քեմալ Քըլըչտարօղլուն` 44,88 տոկոսը:

Երրորդ տեղը Սինան Օղանն է` 5,17 տոկոս, եւ չորրորդ տեղն է քուէարկութենէն առաջ մրցապայքարէն դուրս եկած Մոհարրեմ Ինճէն, որուն օգտին 0,44 տոկոս տրուած է:

Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլի վերջնական պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին Մայիս 19-ին:

«Այսպիսով, թեկնածուներէն ոչ մէկը ստացած է նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ թիւով քուէներ, ուստի ուժի մէջ կը մտնէ թիւ 6271 օրէնքի պահանջը, որով տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը: Այն տեղի պիտի ունենայ 2023 թուականի Մայիս 28-ին»,  ազդարարած է ընտրական կառոյցին ղեկավարը:

Թուրքիոյ նախագահի երրորդ թեկնածու Սինան Օղանը, որ ընտրութիւններուն ստացած է երեք թեկնածուներէն ամենաքիչ ձայները (5%-էն աւելի), արդէն խոստացած է ընտրութիւններու երկրորդ փուլին աջակցիլ Թուրքիոյ ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին:

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին համար մրցարշաւէն դուրս եկած, սակայն, նախնական տուեալներով, 200 հազարէն աւելի ձայն ստացած Մուհարրեմ Ինճէն դեռ չէ որոշած, թէ որու պիտի սատարէ ընտրութիւններու հնարաւոր երկրորդ փուլին: Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ին յայտնած է թեկնածուի շտաբէն աղբիւրը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment