Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանափոխութեան Հինգ Տարիները

Իշխանափոխութեան Հինգ Տարիները

by MassisPost

Այս օրերուն կը լրանայ 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան  արդիւնքով իրականացած իշխանափոխութեան 5-ամեակը: Համաժողովրդային բողոքի ալիքի հարկադրանքին տակ, նախկին նախագահ եւ փոփոխուած  սահմանադրութեան հիման վրայ վարչապետ դարձած Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն  ետք, Մայիս 8-ին Ազգային ժողովը յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրեց երկրի նոր վարչապետ:

Անցնող հինգ տարիներուն Հայաստան գտնուեցաւ նոր իրականութիւններու առջեւ: Տեղի ունեցան բազմաթիւ բարեփոխումներ ու արձանագրուեցան յաջողութիւններ: Այսուհանդերձ, այդ բոլորը մնացին շուքի տակ, երբ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն Հայաստանն ու Արցախը դուրս եկան պարտուած՝ կորսնցնելով մեծ տարածութիւններ ու  դառնալով պատանդ՝  Ատրպէյճանի թշնամական քաղաքականութեան:

Պատերազմի հետեւանքները բարդուեցան  նոր իշխանութիւններու վզին հակառակ որ, այդ արդիւնք էր երկար տարիներու վրայ կուտակուած արատաւոր երեւոյթներու եւ նախկին իշխանութիւններու  ստեղծած փտած համակարգին, որ հիմնուած էր կաշառակերութեան, կողոպուտի  ու համատարած փտածութեան վրայ:

Ընդդիմութիւնը կը խորհէր որ, պատերազմէն ետք ժողովրդային բողոքի մեծ ալիք պիտի բարձրանայ ու յեղափոխական ուժերը պիտի  հեռացուին իշխանութենէն: Սակայն, անոնց կանխատեսումները եւ հաշուարկները սխալ դուրս եկան, երբ ժողովուրդը մերժեց փողոց դուրս գալ ու իշխանութեան վերադարձնել նախկին մերժուած ուժերը: 2021-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւս այդ ցոյց տուին ու Փաշինեան տիրանալով Խորհրդարանի մեծամասնութեան՝ վերընտրուեցաւ որպէս վարչապետ:

Գալով վերջին հինգ տարիներու բարեփոխումներուն, անոնց շարքը բաւական երկար է: Առաջին հերթին Հայաստան դարձաւ ժողովրդավարական երկիր, ուր կը յարգուին անհատի ազատութիւնները, ընդդիմադիր մամուլը կը քննադատէ իշխանութիւններու գրեթէ բոլոր քայլերը, ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան արդար պայմաններու տակ՝ առանց քուէարկողներու վրայ ճնշելու եւ կամ կաշառքով հրապուրելու: Այլեւս չկայ վախի մթնոլորտ հասարակ ժողովուրդի մօտ եւ ամէն ոք ազատ է հրապարակաւ իր կարծիքը յայտնելու եւ քննադատելու իշխանութեան վրայ եղողներուն: Այս բոլորի մասին կը վկայեն  միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները՝ իրենց տարեկան զեկոյցներուն մէջ:

Փտածութիւնը ամբողջութեամբ չէ վերացած, սակայն դադրած է համակարգային բնոյթ  կրելէ: Կը ձերբակալուին ու կը դատուին պաշտօններու վրայ եղող անձիք: Նման երեւոյթներու ականատէս չէր եղած Հայաստանի ժողովուրդը նախկին իշխանութիւններու օրօք: Կը հաւաքուին եւ պետական գանձ կը մտնեն մրցանիշային չափի հարկեր, ի տարբերութիւն անցեալին, երբ այդ հարկերու մէկ մասը  որպէս կաշառք  կը տրուէին նախարարներու ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներուն: Պիւտճէի եկամուտներուն հետ կը բարձրանան թոշակներն ու աշխատավարձերը, մեծ գումարներ կը յատկացուին բանակի արդիականացման եւ մարտունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ: Աւելի մաքուր կառավարման եւ նաեւ արտաքին ազդակներու շնորհիւ վերջին տարիներուն կ՛արձանագրուի բարձր տոկոսի տնտեսական աճ:

Յեղափոխական կառավարութիւնը սկսած է ուշացումով, սակայն  իրականացնել իր գլխաւոր խոստումներէն մէկը՝ պետութեան վերադարձնել թալանուած գումարները եւ անշարժ գոյքերը: Այս նպատակով ստեղծուած է յատուկ դատարան, որուն միջոցաւ սկսած է բռնագրաւուիլ նախկին պաշտօնեաներու ապօրէն ձեռք ձգած կալուածներն ու կանխիկ գումարները:

Այսպիսով, կարելի է ըսել որ, իշխանափոխութենէն ասդին տեղի կ՛ունենան դրական փոփոխութիւններ՝ տարբեր բնագաւառներէ եւ ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքէն ներս:

Այսուհանդերձ, կատարուածը բաւարար չի նկատուիր Հայաստանի բնակչութեան կողմէ: Այդ ցոյց կու տան նաեւ այս օրերուն հրապարակուած Ամերիկեան հարցախոյզի տուելները: Ժողովուրդի գրեթէ կէսը բաւարարուած չէ մինչ օրս կատարուած փոփոխութիւններով: Վարչապետի վարկանիշը անկում կրած է, սակայն ան կը շարունակէ մնալ ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքական գործիչը: Այս բոլորը կը պարտաւորեցնեն կառավարութեան աւելի մօտէն շփուելու ժողովուրդին հետ ու լսելու անոնց դժգոհութիւնները:

Իշխանափոխութենէն հինգ տարի ետք, Հայաստանի առջեւ ծառացած գլխաւոր հարցերը կը շարունակեն մնալ երկրի սահմաններու պաշտպանութիւնը եւ Արցախահայութեան իրաւունքներու ապահովումը: Այս երկու հարցերու բարւոք լուծմամբ միայն կարելի պիտի ըլլայ ժողովուրդի մօտ վերահաստատել լաւատեսութիւն ապագայի նկատմամբ եւ վստահութիւն՝ իշխանափոխութիւնը իրականացուցած ուժերուն հանդէպ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment