Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻԵԴ-ը Մերժած Է ՀՀ-ի Դէմ Միջանկեալ Միջոց Կիրառելու` Ատրպէյճանցի Երկու Զինուորներու Հարազատներուն Պահանջը

ՄԻԵԴ-ը Մերժած Է ՀՀ-ի Դէմ Միջանկեալ Միջոց Կիրառելու` Ատրպէյճանցի Երկու Զինուորներու Հարազատներուն Պահանջը

by MassisPost

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը մերժած է Հայաստանի սահմանը ապօրինաբար հատած Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար վերջիններուս հարազատներուն կողմէ Հայաստանի կառավարութեան դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին պահանջը:

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչին փոխանցմամբ, անոնց հարազատները մասնաւորապէս պահանջին մէջ նշած էին, որ Հայաստանի մէջ անոնց նկատմամբ կը դրսեւորուի կեանքի իրաւունքին եւ խոշտանգումներէն զերծ մնալու պարտաւորութեանը հակասող վերաբերմունք:

Ըստ հաղորդման` Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպական դատարան ներկայացուցած է պատշաճ դիրքորոշում այն մասին, որ ատրպէյճանցի զինուորներու պայմանադրութեան իրաւունքները պատշաճ երաշխաւորուած են Հայաստանի մէջ եւ համապատասխան ապացոյցներ ներկայացուած են Եւրոպական դատարան:

«Եւրոպական դատարանը, հիմնուելով ՀՀ կառավարութեան դիրքորոշման վրայ, մերժել է ՀՀ դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին ատրպէյճանցի զինծառայողների հարազատների ներկայացրած պահանջը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մէկ ամիս առաջ Հայաստան ներթափանցած, ապա սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն կողմէ յայտնաբերուած երկու ատրպէյճանցիներէն մէկը` Ակշին Պապիրովը Հայաստանի մէջ դատապարտուած է 11,5 տարի բանտարկութեան, երկրորդ զինուորին` Հիւսէյն Ախունտովի գործով քննութիւնը դեռ կը շարունակուի:

Պաշտօնական Պաքուն ընդգծած է, որ Նախիջեւանի մէջ ծառայող զինուորները մոլորուած են անբարենպաստ եղանակի պատճառով, իսկ հայկական կողմը զանոնք գերի վերցուցած է: Մինչդեռ շաբաթներ առաջ վարչապետ Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստան ներթափանցած ատրպէյճանցին զօրամասէն փախած է ճնշումներու պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment