Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երկխօսութիւնը Առանցքային Է Կայուն Խաղաղութեան Համար. Պլինքըն

Երկխօսութիւնը Առանցքային Է Կայուն Խաղաղութեան Համար. Պլինքըն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի Արլինկթըն արուարձանին մէջ նախ կայացած են պետական քարտուղարին առանձին հանդիպումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ, որոնց յաջորդած է եռակողմ, ապա` Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի երկկողմ հանդիպումը: Ըստ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնեաներուն` ուաշինկթընեան բանակցութիւնները քանի մը օր պիտի տեւեն:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ Թուիթըրով գրառում կատարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը` ընդգծելով, որ «երկխօսութիւնը առանցքային է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»:

Պետական Քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը ճեպազրոյցի ընթացքին արձագանգելով Ուաշինկթընի մէջ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն վերաբերեալ հարցումներուն, մասնաւորապէս ըսած է. «Պետական քարտուղարը կը կարծէ, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Եւ այդ բան մըն է, որուն մենք պիտի շարունակենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել»:

Արարատ Միրզոյեանը, Ճէյհուն Պայրամովը եւ Էնթընի Պլինքընը կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հարցեր:

Ըստ հայկական կողմին` անոնք անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին:

Ատրպէյճանական կողմը իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ միայն նշած է, որ քննարկուած են անվտանգութեան իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment