Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անդրանիկ Քոչարեանը Խնդրեց 44-Օրեայ Պատերազմի Հարցերով Քննիչ Յանձնաժողովի Աշխատանքներուն Ժամկէտը Երկարաձգել Եւս 6 Ամիսով

Անդրանիկ Քոչարեանը Խնդրեց 44-Օրեայ Պատերազմի Հարցերով Քննիչ Յանձնաժողովի Աշխատանքներուն Ժամկէտը Երկարաձգել Եւս 6 Ամիսով

by MassisPost

Մայիս 2-ին, Ազգային Ժողովի հերթական նիստին 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը Ազգային Ժողովին ներկայացուց առաջարկ այդ յանձնաժողովի աշխատանքներուն ժամկէտը երկարաձգելու մասին:

Ինչպէս նշեց Անդրանիկ Քոչարեանը, Քննիչ Յանձնաժողովը իր աշխատանքներու ընթացքին պահանջած եւ ստացած է 4154 գաղտնի եւ յոյժ գաղտնի բնագրային ու պատկերային փաստաթուղթ` աւելի քան 14 հազար էջ ծաւալով, որոնց մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը դեռ կը շարունակուի: «Որոշուել է հրաւիրեալների ցանկը, որի հիման վրայ հրաւիրուել են եւ շարունակում են հրաւիրուել գործող ու նախկին զինուորական եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ», յայտնեց ան:

Անդրանիկ Քոչարեանի խօսքով` յանձնաժողովին դիմած են պատերազմի բազմաթիւ մասնակիցներ եւ զոհուածներու հարազատներ, որոնք նոյնպէս անհատական կարգով յանձնաժողովին կը ներկայացնեն բազմաթիւ տեղեկութիւններ եւ տեսաձայնային նիւթեր:

«Հրաւիրեալների լսումները շարունակելու եւ փաստաթղթերի նոր ծաւալն ուսումնասիրելու նպատակով անհրաժեշտ է իրականացնել յանձնաժողովի աշխատանքների յաջորդ փուլը, որի հանար խիստ անհրաժեշտ է յանձնաժողովի աշխատանքների ժամկէտը երկարացնել եւս 6 ամսով», նշեց Անդրանիկ Քոչարեանը եւ յաւելեց, որ այս պիտի ըլլայ վերջին երկարացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment