Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարար Քաթրին Քոլոննան

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարար Քաթրին Քոլոննան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոննայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Ֆրանսաի արտաքին գործերու նախարարին այցը Հայաստան եւ ընդգծած է Հայաստանի յատուկ վերաբերմունքն ու ուշադրութիւնը Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն նկատմամբ: «Ուզում եմ ընդգծել, որ շատ ուրախ եմ այն աշխուժութեան համար, որ ունենք մեր յարաբերութիւններում: Ոչ միայն այդ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, այլ նաեւ կարծում եմ`  հնարաւորութիւն ունենք զարգացնելու: Ուզում եմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի նախագահին, Ձեզ, կառավարութեանն այն ուշադրութեան համար, որ յատկացւում է մեր տարածաշրջանի խնդիրներին, մասնաւորապէս, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լաչինի միջանցքի շուրջ առկայ ճգնաժամին: Կրկին ողջունում եմ Ձեզ եւ ուրախ կը լինեմ լսել Ձեր գնահատականները, տպաւորութիւններն այցի եւ մեր տարածաշրջանի վիճակի մասին», նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Իր հերթին, Քաթրին Քոլոննան շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալելու համար եւ յաւելած. «Առաջին անգամն է Ձեր երկիր կ’այցելեմ, եւ առանց յետաձգելու կը փոխանցեմ նախագահին բարեկամական ողջոյնները Ձեզ: Գիտէք, որ Ֆրանսան Հայաստանի բարեկամն է, Հայաստանի կողքին է, եւ այս երկրին հետ մեզ շատ բաներ կը կապեն: Բայց կը փափաքիմ անձամբ եւս մէկ անգամ ըսել, որ մենք Ձեր կողքին ենք այն բարեփոխումներուն, ջանքերուն, աշխատանքի ժամանակ, որ կը վարէք, նաեւ Ձեր կողքին ենք արդար եւ կայուն խաղաղութեան որոնումներուն մէջ»:

Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:

Զրուցակիցները ընդգծած են Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կայացուցած որոշման անյապաղ իրականացման եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը: Անթոյլատրելի համարուած է Ատրպէյճանի կողմէ միակողմանի գործողութիւնները, այդ շարքին` Լաչինի միջանցքին անցակէտի տեղադրումը, ինչ որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կոպիտ խախտում է:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն կարգաւորման վերաբերող հարցերու շուրջ:

Տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ծիրին մէջ կարեւորուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment