Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բացի Ռուսիայէն` Ոեւէ Մէկը Լաչինի Միջանցքին Պէտք Չէ Վերահսկողութիւն Իրականացնէ. Փաշինեան

Բացի Ռուսիայէն` Ոեւէ Մէկը Լաչինի Միջանցքին Պէտք Չէ Վերահսկողութիւն Իրականացնէ. Փաշինեան

by MassisPost

«Ռուս խաղաղապահ զօրախումբը պէտք է վերահսկողութեան տակ պահի Լաչինի միջանցքը եւ այսպիսով ապահովի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը: Այսինքն` բացի ՌԴ-ից, որեւէ մէկը Լաչինի միջանցքում չպէտք է վերահսկողութիւն իրականացնի, Ատրպէյճանն էլ չպէտք է խոչընդոտի Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկութեանը», կառավարութեան հերթական նիստին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` նշելով, որ այսպիսի յստակ եզրահանգում կատարուած է Լաչինի միջանցքին Ատրպէյճանի կողմէ հսկիչ-անցագրային կէտի տեղադրումէն, եւ յաւելեց, որ այս նախատեսուած է 2020թ. եռակողմ յայտարարութեամբ:

Վարչապետին խօսքով` ԼՂ հայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է դառնան Ստեփանակերտի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու առարկայ միջազգային ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ:

«Ինչ վերաբերում է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան պայմանագրին, ակնյայտ է, որ այն պէտք է ունենայ իրագործման երաշխիքների եւ վէճերի լուծման մեխանիզմների հասկանալի եւ գործուն համակարգ: Յստակ պէտք է արձանագրուած լինեն սահմանների սահմանազատման յարաչափերը եւ պէտք է ներդրուեն որեւէ մագլցումի բացառման յստակ մեխանիզմներ», նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

«Մեզնից եւ միջազգային հանրութիւնից պահանջւում է յստակ եւ անկեղծ իրական ջանքեր իրադրութեան հետագայ լարում թոյլ չտալու եւ համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս ընդգծեց վարչապետը, Հայաստանը պիտի շարունակէ այս ուղղութեամբ բոլոր հնարաւոր ջանքերու գործադրումը. «Բայց այդ ջանքերի հետ ամէն օր աւելի ու աւելի է անհրաժեշտ դառնում ԼՂ-ում ու Լաչինի միջանցքում աւելի լայն միջազգային ներկայութիւնը: Ատրպէյճանի ջանքերը` ԼՂ-ն վերածելու հայութեան նոր կառափնարանի, պէտք է կասեցուեն, եւ սրա միակ յուսալի ճանապարհը միջազգային լայն մանտաթ կրող ներկայացուցիչների ներկայութիւնն է ԼՂ-ում: Որպէս առաջին քայլ անհրաժեշտ է Լաչինի միջանցք եւ ԼՂ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան հրատապ գործուղումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment