Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համագործակցութիւն ՀՀ Քննչական Կոմիտէին Եւ «Tiktok» Ընկերային Ցանցին Միջեւ

Համագործակցութիւն ՀՀ Քննչական Կոմիտէին Եւ «Tiktok» Ընկերային Ցանցին Միջեւ

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէն եւ «TikTok» ընկերութիւնը համագործակցութեան շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են:

Մասնաւորապէս ՀՀ Քննչական Կոմիտէի եւ «ТikTok» ընկերութեան միջեւ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն ընկերութեան հարթակին վրայ ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու վերաբերեալ տեղեկատուութեան հրապարակման պարագաներուն արագ արձագանգման եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան հրատապ փոխանակման մեխանիզմներու գործարկման վերաբերեալ` լիարժէք պահպանելով օրէնսդրութեան պահանջները:

Նշուած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ առցանց ընկերային հարթակի շրջանակներուն մէջ յանցագործութիւնները կանխելու եւ կանխարգիլելու, յանցագործութեան հնարաւոր դրսեւորումներու արձագանգումը բարձրացնելու եւ բացայայտելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment