Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Խաթարէ Վստահութիւնը Խաղաղ Գործընթացին Նկատմամբ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Ատրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Խաթարէ Վստահութիւնը Խաղաղ Գործընթացին Նկատմամբ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը հաստատած է իր մտադրութիւնը`  «շարունակելու աշխուժօրէն զբաղիլ» ղարաբաղեան հարցով:

«Աւագ խորհրդական Լուի Պոնօն, պետական քարտուղարի օգնական Տերեք Հոկանը, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը այսուհետ եւս պիտի շարունակեն աշխուժօրէն զբաղիլ այդ հարցով», ըսած է Պետական Քարտուղարութեան մամուլի քարտուղարի տեղակալ Վետանթ Փաթելը:

«… Դուք գիտէք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ այս հարցը այն է, որ ինքը պետական քարտուղար Պլինքընը խորապէս կը գնահատէ եւ մեծ նշանակութիւն կու տայ», ըսած է ան:

Կովկասի հարցերով բանակցող Պոնօն, ինչպէս նաեւ պետական քարտուղարի օգնականի տեղակալ Էրիքա Օլսոնը անցեալ շաբաթ առանձին այցելութիւններ կատարած էին տարածաշրջան` ընդամէնը քանի մը օր առաջ այն բանէն, երբ Ատրպէյճանը յայտարարեց Լաչինի միջանցքին անցակէտ ստեղծելու մասին:

Փաթել յիշեցուցած է, որ Պետական Քարտուղարութիւնը Կիրակի օր խոր մտահոգութիւն յայտնած է այդ քայլին առնչութեամբ: «Անկեղծ ըսած, անցակէտի ստեղծումը կը խաթարէ խաղաղութեան գործընթացին վստահութիւն հաստատելու ուղղութեամբ ջանքերը, եւ մենք հաւատարիմ ենք այն կարծիքին, որ պէտք է ըլլայ մարդոց եւ բեռերու ազատ տեղաշարժ Լաչինի միջանցքով», ըսած է ան:

Փաթել ձեռնպահ մնացած է Պաքուի եւ Երեւանի մէջ պաշտօնատար անձերու հետ ԱՄՆ դիւանագէտներու խօսակցութիւններուն բովանդակութիւնը մեկնաբանելէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment