Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կը Փափաքիմ Հաւաստել Ֆրանսայի Աջակցութիւնը Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Կերտելու Գործընթացին. Մաքրոն

Կը Փափաքիմ Հաւաստել Ֆրանսայի Աջակցութիւնը Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Կերտելու Գործընթացին. Մաքրոն

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նամակ ուղղած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով, որուն մէջ նշուած է.

«Ապրիլ 24-ին, Ֆրանսան կ’ոգեկոչէ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը: Ֆրանսան կը յիշէ այն տղամարդիկը, կիներն ու երեխաները, որոնք սպաննուեցան, սովէն կամ ուժասպառութենէն մահացան տեղահանութեան ճանապարհներուն: Ֆրանսան ձեզի հետ միասին կը յիշէ 1915 թուականի Սեպտեմբերին Մուսայ լերան դիմադրութեան հայ մարտիկներուն օգնութեան հասած իր նաւաստիները: Ֆրանսան, որ Ժորժ Քլեմանսոյի, Անաթոլ Ֆրանսի եւ Ժան Ժորեսի ձայնով դատապարտած էր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իրագործուած հայերու ջարդերը, այսօր ձեր կողքին է` պաշտպանելու զոհերուն յիշատակը, պայքարելու ժխտողականութեան դէմ եւ լուրջ դասեր քաղելու այդ ողբերգական պատմութեան էջէն:

Նոյնիսկ այսօր, երբ եւրոպական ցամաքամասը կը սգայ սարսափելի յարձակման պատճառով, Ֆրանսան կը շարունակէ իր պայքարը յանուն յիշողութեան եւ ընդդէմ մոռացութեան: Եւրոպական Միութեան Խորհրդին մէջ Ֆրանսայի նախագահութեան օրօք 2022 թուականին աւարտին հասցուցինք թուային ծառայութիւններու մասին օրէնքի նախագիծը, որպէսզի այլեւս անպատիժ կերպով չժխտուի ցեղասպանութիւնը: Ֆրանսան կը ցուցաբերէ մշտական զգօնութիւն իր երկրի տարածքին: 2019 թուականին Հանրապետութեան օրացոյցին մէջ սահմանեցի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր, քանի որ կը փափաքիմ, որ իւրաքանչիւր ֆրանսացի յիշէ այդ օրը: Յանուն արդարութեան եւ պատմական ճշմարտութեան այս պայքարը հայերունն է, բայց նաեւ ամբողջ Ֆրանսայինը, քանզի մարդու իրաւունքներուն յարգումը Ֆրանսայի Հանրապետութեան եղբայրութեան հիմքին է:

Ցեղասպանութեան յիշատակումը կը յիշեցնէ նաեւ հայերու զբաղեցուցած տեղը մեր պատմութեան մէջ, քանի որ այս ողբերգութենէն բազմաթիւ փրկուածներ միացած են մեր երկրին` նպաստելով անոր բարգաւաճման ու ազդեցութեան ուժեղացման:

Ոգեկոչման այս օրը, որ կը խորհրդանշէ նաեւ հայ ժողովուրդին վերածնունդը, կը փափաքիմ հաւաստել Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կերտելու գործընթացներուն:

Հաճեցէք ընդունիլ, պարոն նախագահ, յարգանքներուս գերագոյն հաւաստիքը», նշուած է նամակին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment