Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերոպ յիշատակին:

ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ ծաղկեպսակ դրին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ, ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 108-րդ տարելիցին առնչութեամբ:  Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․

«Ապրիլի 24-ին մենք ոգեկոչում ենք 20-րդ դարասկզբում Օսմանեան կայսրութեան կողմից իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերի յիշատակը, եւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ այսօր յարգանքի, յիշատակի եւ խոկումի երթ կ’իրականացնեն դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Ապրիլքսանչորսեան երթը, թերեւս, մեր իրականութիւնը կանխորոշած ու կանխորոշող ամենաազդեցիկ երեւոյթն է, մեր պատմութեան, անցեալի եւ ապագայի մասին մտածելու մի բացառիկ օր: Ի՞նչ են մտածում դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր յաճախ մանկահասակ երեխաների ձեռքերը բռնած քայլող երիտասարդ ծնողները, կամ կեանքի աւելի մեծ փորձառութիւն ունեցող տատիկներն ու պապիկները:

Նրանք, թերեւս, խորհում են երկու հարցի շուրջ. ինչո՞ւ Մեծ Եղեռնը տեղի ունեցաւ եւ ի՞նչ է պէտք անել դրա կրկնութիւնը բացառելու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառների մասին հարիւրաւոր ու հազարաւոր աշխատութիւններ են գրուել, ի յայտ են բերուել բազմաթիւ պատճառներ եւ շարժառիթներ: Ինչ վերաբերւում է նման ոճիրի կրկնութիւնը բացառելու մեթոդաբանութեանը, դա մեծապէս կախուած է «պետութիւն» եւ «տարածաշրջան» հասկացութիւնների մեր ընկալումներից:

Պետութիւնը, միայն զարգացած եւ ինքնիշխան պետութիւնն է ի վիճակի ապահովել մեր ժողովրդի լինելիութիւնն ու անվտանգութիւնը, իսկ պետութեան կայացման գործում իւրաքանչիւրն ունի անելիք` կրթութեամբ, աշխատանքով, քաղաքացիական պատասխանատուութեամբ ու օրինապահութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment