Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ «Կանաչներու Ձախ» Կուսակցութեան Անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Միջոցառում Ունեցած Են

Թուրքիոյ Մէջ «Կանաչներու Ձախ» Կուսակցութեան Անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Միջոցառում Ունեցած Են

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ գործող «Կանաչներու Ձախ» կուսակցութեան անդամները Սթամպուլի Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ (հին անուանումը Թաթաւլա), ուրկէ 108 տարի առաջ սկսած է հայերու ցեղասպանութիւնը, Ցեղասպանութեան օրուան նուիրուած յիշատակի միջոցառում ունեցած են:

Այս մասին կը յայտնէ sendika.org-ը:

Միջոցառման ելոյթ ունեցած է «Կանաչներու Ձախ» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու, 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ Ճեմալ փաշայի թոռ Հասան Ճեմալը:

«Սիրելի Հրանդ Տինքի ցաւը զիս այստեղ բերած է: Սիրելի Հրանդ Տինքի ցաւը զիս ծանօթացուց սիրելի հայ ժողովուրդի ցաւին: Հրանդ Տինքի շնորհիւ ես սկսայ հասկնալ այս հողի առհասարակ ոչ-լաւ էջերը: 2017 թուականին գրածս գիրքը կը կրէ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւն անունը, եւ ինչպէս ըսի, Հրանդ Տինքի ցաւը եղած է նաեւ գիրքը գրելու ժամանակ: Ես այսօր այստեղ եմ` կիսելու իմ հայ եղբայրներուս ցաւը», ըսած է  Հասան Ճեմալ:

Անոր ելոյթէն յետոյ կուսակցութեան մէկ այլ անդամ Անի Քալքը ներկայացուցած է կուսակցութեան Շիշլիի գրասենեակնի յայտարարութիւնը:

«Ապրիլ 23-ի լոյս  24-ի  գիշերն էր: Օսմանեան կառավարութիւնը «Միութիւն եւ Յառաջադիմութեան» գլխաւորութեամբ ժողովուրդի մը բնաջնջման ուղղութեամբ այստեղ ըրաւ առաջին քայլը: Անոնք մեծ գործութիւն սկսան այս շրջանէն, որ հետագային կոչուեցաւ Քուրթուլուշ, իսկ հին անունը Թաթաւլա էր: Հրամայուած էր անյապաղ ձերբակալել այդ ժամանակաշրջանի մայրաքաղաք Սթամպուլի մէջ բնակող հայ համայնքի մօտ 250 մտաւորականներ, հասարակական կարծիքի առաջնորդներ, գրողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ գործարարներ: Թաթաւլան այն շրջանն էր, ուր նախաձեռնուած եւ ամենաշատը իրականացուած են այս ձերբակալութիւնները: Ձերբակալութիւնները շարունակուած են յաջորդ օրերուն: 24 ժամուան ընթացքին աւելի քան 2000 մարդ, այդ շարքին` Սթամպուլի նշանաւոր հայեր, արտաքսուած են: Միաժամանակ ամբողջ Անատոլիոյ մէջ սկսած է հարկադիր տեղահանութիւն, որուն նպատակն էր արտաքսել հայերը իրենց տուներէն: Անատոլիական հողերը հազարաւոր տարիներ իրենց տունը դարձուցած հայ ժողովուրդը տարագրութեան անուան տակ իր հայրենիքէն վտարուելով` մահուան կը ճամբորդուէր անոնց կողմէ, որոնք եկած են այդ տարածքներ անոնցմէ հազարաւոր տարիներ յետոյ», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Թշնամութեան, ատելութեան եւ կոտորածի վրայ կառուցուած հասարակութիւնները, փախչելով ճշմարտութենէն եւ վախնալով առերեսուիլ իրենց անցեալին, չեն կրնար քալել դէպի գեղեցիկ ապագայ: Հնարաւո՞ր է միասին խաղաղ ապրիլ երկրի մը մէջ, ուր հասարակութեան մէկ մասը անընդհատ կ’անհանգստանէ անվտանգութեան համար: Այս երկիրը այժմ պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ: Պէտք է վերջ տալ թշնամանքի եւ ատելութեան քաղաքականութեան, եւ ցեղապաշտութիւնը պէտք չէ հանդուրժուի», յաւելած է Քալքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment