Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կը Շարունակուին Հակարիի Կամուրջը Բանալու Շուրջ Բանակցութիւնները

Կը Շարունակուին Հակարիի Կամուրջը Բանալու Շուրջ Բանակցութիւնները

by MassisPost

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօրավար-մայոր Անտրէյ Վոլքովի մասնակցութեամբ կը շարունակուին Հակարիի կամուրջը բանալու շուրջ բանակցութիւնները: Ռուսները առանձին քննարկումներ կը կատարեն ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ արցախեան կողմերուն հետ, «Ազատութեան» հետ զրոյցին տեղեկացուց Արցախի խորհրդարանի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը:

Արդէն 3-րդ օրը շարունակուող բանակցութիւնները, սակայն, ըստ անոր, տակաւին արդիւնք չեն տուած. – «ընթացքը կայ, բայց որեւէ արդիւնք չկայ»:

«Ազատութեան» հարցին` բանակցութիւնները երկկո՞ղմ են, թէ՞ արցախեան կողմէն ալ կան մասնակիցներ, Յարութիւնեան պատասխանեց. «Եռակողմ չկայ, առանձին-առանձին քննարկումները տեղի են ունենում»:

Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ: Ատրպէյճանը Կիրակի օրը փակեց Լաչինի միջանցքը ճիշդ այն հատուածին մէջ, ուր տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները:

Անցակէտի տեղադրումէն յետոյ Շուշիի շրջանի 4 համայնքներ մնացած են լիակատար շրջափակման մէջ:

Անցակէտի տեղադրումէն աւելի քան 24 ժամ անց Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «միակողմանի եւ չհամաձայնեցուած գործողութիւններու հետեւանքով ատրպէյճանական կողմը արգելափակած է Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը ռուս խաղաղապահներուն համար մէկ անցակէտի մօտ: Խաղաղապահներու ղեկավարութիւնը կը բանակցի ատրպէյճանական կողմին հետ»:

Պաշտօնական Երեւանը նախօրէին խստօրէն դատապարտած էր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին ապօրինի անցակէտ տեղադրելու քայլը: Ի պատասխան, Պաքուն հակադարձած էր, որ Լաչինի մէջ անցակէտի տեղադրումը միանգամայն օրինական է, կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններուն, առաւել եւս, որ Փրակի եւ Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումներու ընթացքին Հայաստանը ինք ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment