Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Լաչինի Անցակէտի Հարցով Պիտի Դիմէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան. ՄԻԵԴ-ի Մէջ ՀՀ Ներկայացուցչութիւն

Հայաստանը Լաչինի Անցակէտի Հարցով Պիտի Դիմէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան. ՄԻԵԴ-ի Մէջ ՀՀ Ներկայացուցչութիւն

by MassisPost

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրման փաստով Հայաստանը յառաջիկայ օրերուն պիտի դիմէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան:

Այս մասին յայտնած է ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան մամուլի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեանէն:

Նշենք, որ Ատրպէյճանը պաշտօնապէս յայտարարած է Լաչին (Բերձոր)-Ստեփանակերտ ճանապարհին  ստուգիչ անցագրային կէտի տեղակայման մասին:

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական կողմը, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 2020թ. եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ շարունակաբար ապատեղեկատուութիւն տալով Հայաստանէն Արցախ զէնքի տեղափոխութեան վերաբերեալ, փակած է Արցախ-Հայաստան սահմանագիծին գտնուող Հակարիի կամուրջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment