Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այսօր Մենք Դադար Կը Վերցնենք` Յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերը․ Ճօ Պայտընի Ուղերձը

Այսօր Մենք Դադար Կը Վերցնենք` Յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերը․ Ճօ Պայտընի Ուղերձը

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ուղերձ յղած է Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առնչութեամբ:

«Այսօր մենք դադար կը վերցնենք` յիշելու Մեծ Եղեռնի` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը եւ կը թարմացնենք մեր խոստումը` երբեք չմոռնալ:

1915 թուականի Ապրիլ 24-ին օսմանեան իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականները եւ համայնքի ղեկավարները, որով սկիզբ դրուեցաւ հայ համայնքի դէմ բռնութեան համակարգուած արշաւին: Անոր յաջորդող տարիներուն մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանեցին, կոտորեցին կամ երթի տարին դէպի մահ` ողբերգութիւն, որ ընդմիշտ ազդեց հայ ընտանիքներու սերունդներուն վրայ:

Այս ցաւալի պատմութիւնը յիշելով միանալով աշխարհի տարբեր երկիրներուն` մենք նաեւ կ’անդրադառնանք հայ ժողովուրդի տոկունութեան եւ վճռականութեան: Ողջ մնացածներէն շատերը ստիպուած եղան նոր կեանք սկսիլ նոր երկիրներու, այդ շարքին` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այստեղ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդը յոյսով դիմաւորած է ատելութեան չարիքը: Անոնք վերակառուցեցին իրենց համայնքները: Անոնք դաստիարակեցին իրենց ընտանիքները եւ պահպանեցին իրենց մշակոյթը: Անոնք հզօրացուցին մեր ազգը: Անոնք նաեւ պատմեցին իրենց եւ իրենց նախնիներուն պատմութիւնները` յիշելու եւ համոզուելու, որ 108 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը այլեւս երբեք պիտի չկրկնուի:

Այսօր եկէք թարմացնենք այս խոստումը: Եկէք կրկին պարտաւորուինք դէմ արտայայտուելու ատելութեան, պաշտպանելու մարդու իրաւունքները եւ կանխելու վայրագութիւնները: Եւ միասին եկէք կրկնապատկենք մեր ջանքերը` կերտելու աւելի լաւ ապագայ, ուր բոլոր մարդիկ կրնան ապրիլ արժանապատուութեամբ, ապահով եւ յարգանքով», նշած է Ճօ Պայտըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment