Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրավիճակը Իսկապէս Բարդ Է. Փեսքովը` Լաչինի Մէջ Ատրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրման Մասին

Իրավիճակը Իսկապէս Բարդ Է. Փեսքովը` Լաչինի Մէջ Ատրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրման Մասին

by MassisPost

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին անցակէտի տեղադրումը կը պահանջէ լրացուցիչ միջնորդական ջանքեր Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ: Մոսկուան պիտի շարունակէ նպաստել Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, որոնք կը մնան անվիճելի:

Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Մեկնաբանելով Լաչինի միջանցքին Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը` Փեսքով նշած է, որ «իրավիճակը իսկապէս բարդ է, կը պահանջէ լրացուցիչ ջանքեր եւ ըմբռնում Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ, այլընտրանք չկայ անոր իրականացման` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագրերը»:

Անոր խօսքով` Ռուսիան կը շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը, հիմնականին մէջ` երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերու բոլոր դրոյթները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ. «Ռուսիան պիտի շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի հետ միասին: Մենք կը շարունակենք շփումները»:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութիւնը կոչ ըրած էր Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին անյապաղ վերադառնալու գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւններուն եւ մտահոգութիւն յայտնած էր Ղարաբաղի մէջ զինադադարի խախտման աճող թիւին առնչութեամբ: Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նաեւ նախազգուշացուցած է «արտաքին արեւմտեան խաղացողները»` չփորձել իրավիճակը լարել, այդ շարքին` Ռուսիոյ դէմ նուաստացնող արշաւի միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment