Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կը Շարունակէ Ներգրաւուած Մնալ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Կարգաւորման Հարցին Մէջ

ԱՄՆ Կը Շարունակէ Ներգրաւուած Մնալ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Կարգաւորման Հարցին Մէջ

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի համար կը շարունակէ մեծ նշանակութիւն ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բռնութիւններու դադրեցումը, յատկապէս` Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթելը:

«Ան հնարաւորութիւն ունեցած է քանի մը անգամ հանդիպելու այս երկիրներու ղեկավարներուն հետ Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի ծիրին մէջ: Մենք կը շարունակենք այդ հարցին մէջ մեծապէս ներգրաւուած մնալ: Այդ հարցին մէջ Պրն. Պոնօն (Խմբ.` Լուիս Պոնօ` Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան աւագ խորհրդական) կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ` այս գերատեսչութեան մէջ միւսներուն հետ միասին», ըսած է Փաթելը:

Դիւանագէտը նշած է, որ առայժմ այլ մեկնաբանութիւն չունի` կապուած Լուիս Պոնոյի` Հարաւային Կովկաս այցի հետ:

Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն Ապրիլ 14-էն սկսեալ տարածաշրջան  կ’այցելէր: Ապրիլ 20-ին զայն ընդունած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ձեւաւորումը, Լաչինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը եւ այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment