Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան Ընդունած Է Էրիքա Օլսոնը

Արմէն Գրիգորեան Ընդունած Է Էրիքա Օլսոնը

by MassisPost

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպական ու Եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ Էրիքա Օլսոնը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու կայուն զարգացման շարժը` փաստելով վերջին շրջանին աւելի աշխուժացած փոխայցերը: Քննարկուած են հայ-ամերիկեան համատեղ ծրագիրներու իրականացման ընթացքը եւ շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հնարաւոր հեռանկարները:

Կողմերը կարեւորուած են հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան հետագայ ամրապնդումը, նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ծիրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment