Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Նպատակն Է Ունենալ Տնտեսութիւն, Որ Ի Վիճակի Ըլլայ Յառաջացնելու Անկախ, Մրցունակ Պետութիւն Ունենալու Միջոցներ. Փաշինեան

Մեր Նպատակն Է Ունենալ Տնտեսութիւն, Որ Ի Վիճակի Ըլլայ Յառաջացնելու Անկախ, Մրցունակ Պետութիւն Ունենալու Միջոցներ. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութեան նպատակն է ունենալ տնտեսութիւն, որ ի վիճակի ըլլայ յառաջացնելու անկախ, ինքնիշխան, մրցունակ պետութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ միջոցներ: Այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Տնտեսական Քաղաքականութեան Խորհուրդի երկօրեայ նիստի աշխատանքներուն ընթացքին:

Որպէս հայեցակարգային խնդիր ան կարեւորած է հարկային կամ հարկ վճարողներու կողմէ նոր մտածողութեան որդեգրումը:

«Մեր կարեւոր նպատակն է, որ ՀՀ քաղաքացիները եւ բնակիչները մեծ հաշուով հարկերն ընկալեն ոչ թէ սեփական գրպանից ուրիշի գրպան ֆինանսական միջոցների արտահոսք, այլ՝ սեփական, պայմանական ասած, աջ գրպանից` ձախ գրպան տեղափոխում: Բայց սրա համար չափազանց կարեւոր է կառավարութեան արդիւնաւէտութիւնը, լաւ աշխատանքը եւ սկզբունքային ու անզիջում պայքարը փտածութեան դէմ», նկատած է ան:

Վարչապետը նաեւ խօսած է համընդհանուր յայտարարագրման մեխանիզմի մասին, որ պիտի ներդրուի, ըսել, որ այդ մեխանիզմը ոչ միայն պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ պիտի դնէ քաղաքացիներուն վրայ, այլեւ անոնց համար հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ` ընկերային ուղղութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment